1
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:29
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բայց եթէ հոն քու Տէր Աստուածդ փնտռես ու զանիկա բոլոր սրտովդ եւ բոլոր հոգիովդ փնտռելու ըլլաս՝ պիտի գտնես։
Compare
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:29
2
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:31
Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն, քեզ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չկորսնցնէ ու քու հայրերուդ ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր։
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:31
3
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:24
Քանզի քու Տէր Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ Աստուած է։
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:24
4
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:9
Միայն քեզի աղէկ նայէ ու քու հոգիիդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես։
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:9
5
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:39
Այսօր գիտցիր ու սրտիդ մէջ դիր, թէ վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ։
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:39
6
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:7
Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որուն աստուածները իրեն այնքան մօտ ըլլան, որքան մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է՝ ամէն ատեն երբ իրմէ կը խնդրենք։
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:7
7
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:30
Երբ քու վրադ նեղութիւն գայ ու այս բոլոր բաները վերջին օրերը քեզի պատահին, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս ու անոր խօսքը մտիկ ընես
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:30
8
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:2
Պատուէրներուս վրայ բան մը մի՛ աւելցնէք ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք, այլ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները պահեցէք, որոնք ես ձեզի իմացուցի։
Explore Բ. ՕՐԻՆԱՑ 4:2