ԴԱՆԻԷԼ 9
9
ԴԱՆԻԷԼ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ Կ’ԱՂՕԹԷ
1Ասուերոսի որդին Դարեհ, որ Մարերու սերունդէն էր, Քաղդէացիներու պետութեան վրայ թագաւոր եղաւ։ 2Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը, որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները։
3Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ 4Եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի, խոստովանեցայ ու ըսի. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես, 5Մենք մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն ըրինք եւ ապստամբեցանք ու քու պատուիրանքներէդ ու օրէնքներէդ խոտորեցանք 6Եւ քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ խօսքին մտիկ չըրինք, որոնք մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն ու երկրին բոլոր ժողովուրդին քու անունովդ խօսեցան։ 7Ո՛վ Տէր, քեզի կը վայլէ արդարութիւն ու մեզի՝ երեսի ամօթ (ինչպէս այսօր եղաւ), Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու բոլոր մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր զանոնք քշեցիր անոնց քեզի դէմ ըրած յանցանքին համար։ 8Ո՛վ Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք։ 9Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք 10Եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք, որ իր օրէնքներովը քալենք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով մեր առջեւ դրաւ։ 11Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին եւ քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի Անոր դէմ մեղք գործեցինք։ 12Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, որոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին նմանը բոլոր երկնքին տակ չեղաւ։ 13Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու եւ քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար՝ մեր Տէր Աստուծմէ ներում չխնդրեցինք։ 14Եւ Տէրը այս աղէտը պատրաստած էր ու զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Աստուածը իր բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք»։
15«Ա՛րդ, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որ քու ժողովուրդդ զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր, քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ, մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք։ 16Ո՛վ Տէր, քու բոլոր #9:16 Եբր., արդարութիւններուդբարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ՛, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դարձուր, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմն ու քու ժողովուրդդ մեր բոլորտիքը եղողներէն նախատուեցան։ 17Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը լսէ ու քու սիրոյդ համար՝ քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր։ 18Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։ 19Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։
ԳԱԲՐԻԷԼ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ
20Ու երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի եւ իմ մեղքս ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի եւ իմ Աստուծոյս սուրբ լերանը համար իմ աղաչանքս իմ Տէր Աստուծոյս կը մատուցանէի, 21Երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի, ահա այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս՝ Գաբրիէլը՝ շուտ մը թռչելով՝ ինծի դպաւ իրիկուան զոհին ատենը 22Ու ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա եկայ որ քեզի իմաստութիւն պարգեւեմ։ 23Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ տրուեցաւ ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելին ես։ Ուրեմն պատգամը միտքդ պահէ՛ ու տեսիլքը հասկցի՛ր։ 24Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։ 25Եւ գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ #9:25 Եբր., ՄեսիաՕծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսունըերկու եօթնեակ կայ, մինչեւ նորէն հրապարակն ու պարիսպը շինուին նեղութեան ժամանկներու մէջ։ 26Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են։ 27Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ։ Ու #9:27 Կամ, աւերող պղծութիւնը տաճարին վրայ պիտի ըլլայ եւ կամ, պղծութեան թեւին վրայ աւերողը պիտի գայաւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ՝ ՝, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։
Currently Selected:
ԴԱՆԻԷԼ 9: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.