ԴԱՆԻԷԼ 8
8
ԴԱՆԻԷԼԻ ՏԵՍԻԼՔԸ ԽՈՅԻ ԵՒ ՔՕՇԻ
1«Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեանը երրորդ տարին 2Տեսիլքի մէջ Եղամի գաւառին Շուշան մայրաքաղաքն էի, Ուլա գետին քով։
3Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ գետին քով խոյ մը կայնած էր։ Անիկա երկու եղջիւր ունէր։ Եղջիւրներէն մէկը միւսէն բարձր էր։ Այն բարձրը ետքէն ելաւ։ 4Տեսայ այն խոյը, որ իր եղջիւրներով դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս ու դէպի հարաւ կը զարնէր ու բնաւ գազան մը անոր առջեւ չէր կրնար կայնիլ եւ անոր ձեռքէն ազատուող չկար. այնպէս որ անիկա իր ուզածին պէս ըրաւ ու մեծցաւ։
5«Երբ կը մտածէի, ահա արեւմուտքէն արագընթաց արու այծ մը՝ քօշ մը՝ տեսայ, որուն ոտքերը գետնին չէին դպչիր։ Քօշը իր աչքերուն մէջտեղ ուշագրաւ եղջիւր մը ունէր։ 6Անիկա հասաւ մինչեւ երկու եղջիւր ունեցող խոյը, որը տեսայ թէ գետին քով կայնած էր ու իր կատաղի զօրութիւնովը խոյին վրայ յարձակեցաւ։ 7Տեսայ թէ երբ խոյին մօտեցաւ, զայրացաւ եւ խոյին զարկաւ ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Խոյը ոյժ չունէր, որ դիմանար։ Ան զինք գետինը զարկաւ ու կոխկռտեց։ Մէ՛կը չկար, որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։ 8Երբ քօշը խիստ մեծցաւ, ուժովցածին պէս՝ այն մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ դէպի երկնքի չորս հովերը ուրիշ չորս աչքառու եղջիւրներ ելան։ 9Անոնցմէ մէկին մէջէն պզտիկ եղջիւր մը ելաւ։ Անիկա դէպի հարաւ, դէպի արեւելք ու դէպի փառաւոր երկիրը խիստ մեծցաւ 10Ու մինչեւ երկնքի զօրքը մեծցաւ եւ քանի մը զօրք ու աստղեր գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց 11Մինչեւ որ զօրքերու Իշխանը ինքզինք բարձրացուց ու անկէ մշտնջենապէս այրուող զոհը վերցուեցաւ եւ անոր սրբարանին բնակարանը կործանուեցաւ։ 12Ու #8:12 Կամ, ամբարշտութեան համար՝ մշտնջենապէս ապրող զոհին, դէմ իրեն զօրք տրուեցաւզօրք մը ամբարշտութեամբ մշտնջենապէս այրուող զոհին դէմ դրաւ ու ճշմարտութիւնը գետինը զարկաւ։ Ինչ որ ըրաւ՝ յաջողեցաւ։ 13Լսեցի որ սուրբ մը կը խօսէր եւ ուրիշ սուրբ մը առաջին խօսողին ըսաւ. ‘Մշտնջենապէս այրուող զոհին ու աւերող ամբարշտութեանը ու սրբարանին զօրքին կոխկռտուելուն տեսիլքը մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ’։ 14Առաջինը ինծի ըսաւ. ‘Մինչեւ երկու հազար երեք հարիւր #8:14 Եբր., իրիկուն առաւօտօր, ետքը սրբարանը պիտի մաքրուի’։
ԳԱԲՐԻԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԸ ՏԵՍԻԼՔԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ
15«Երբ ես՝ Դանիէլս՝ տեսիլքը տեսայ ու մեկնութիւնը կ’ուզէի հասկնալ, ահա իմ առջեւս մարդու կերպարանքով մէկը կանգնեցաւ։ 16Ես Ուլա գետին մէջէն մարդու ձայն լսեցի, որ կը կանչէր ու կ’ըսէր. 17‘Ո՛վ Գաբրիէլ, տեսիլքը ատոր հասկցուր’։ Գաբրիէլը իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ։ Անիկա ինծի ըսաւ. «Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։ 18Երբ անիկա ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած էի։ Անիկա ինծի դպաւ ու զիս իմ կեցած տեղս կայնեցուց 19Ու ըսաւ. ‘Ահա քեզի կ’իմացնեմ բարկութեանս վերջը ըլլալիքը, վասն զի այս տեսիլքը վերջի ժամանակին համար է։ 20Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ 21Այդ #8:21 Կամ, մազոտայծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ 22Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը։ 23Անոնց թագաւորութեանը վերջը, երբ ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պնդերես ու խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ։ 24Անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ո՛չ թէ իր զօրութիւնովը ու անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ եւ իր կատարածներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կործանէ զօրաւոր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։ 25Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։ 26Իրիկուան ու առտուան տեսիլքը, որ ցուցուեցաւ՝ ճշմարիտ է. բայց դուն տեսիլքը գոցէ, քանզի վերջի օրերու համար է’։
27«Ու ես՝ Դանիէլս՝ մարեցայ եւ քանի մը օր հիւանդացայ։ Ետքը ելայ թագաւորին գործով զբաղեցայ ու տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի։ Մէկը չկար որ #8:27 Կամ, այս բանը իմանարինծի հասկցնէր»։
Currently Selected:
ԴԱՆԻԷԼ 8: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.