YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 10

10
ԴԱՆԻԷԼԻ ՏԵՍԻԼՔԸ ՏԻԳՐԻՍ ԳԵՏԻՆ ՔՈՎ
1Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար էր։ Այն խօսքը ճշմարիտ էր ու #10:1 Եբր., զօրքը մեծ էր, կամ, պատերազմը մեծ էրմեծ տառապանքի վրայով էր՝ ՝։ Անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ։ 2Այն օրերը ես՝ Դանիէլս՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի. 3Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ ու բնաւ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լմնցաւ։
4Առաջին ամսուան քսանըչորրորդ օրը ես Տիգրիս մեծ գետին եզերքն էի։ 5Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը տեսայ։ 6Անոր մարմինը ոսկեքարի պէս ու երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր։ Աչքերը կրակի բոցերու պէս եւ թեւերն ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնի նման էին։ Իր ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր։ 7Այս տեսիլքը միայն ես՝ Դանիէլս տեսայ։ Թէեւ ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, սակայն շատ վախցան ու փախան, որպէս զի պահուըտին։ 8Ես մինակ մնացի։ Իմ վրաս ոյժ չմնաց, իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ ու ա՛լ ոյժ չունեցայ։ 9Անոր խօսքերը լսեցի ու անոր ձայնը լսածիս պէս՝ թմրած երեսիս վրայ գետինը ինկայ։
10Այն ատեն ինծի ձեռք մը դպաւ ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց։ 11Ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս լսէ՛ ու եղած տեղդ կայնէ՛, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Երբ անիկա այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։ 12Ան ինծի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր, որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու եւ քու Աստուծոյդ առջեւ քու անձդ խոնարհեցուցիր, քու խօսքերդ լսուեցան ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։ 13Բայց Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանըմէկ օր ընդդիմացաւ. սակայն ահա Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը՝ ինծի օգնութեան եկաւ ու ես հոն Պարսիկներու թագաւորներուն քով մնացի։ 14Հիմա քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի, վասն զի տեսիլքը ապագային համար է»։ 15Անոր խօսքերը լսածիս պէս՝ երեսս դէպի գետինը ծռեցի ու համր մնացի։
16Ահա մարդու որդիի կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ ու բերանս բացուեցաւ ու խօսեցայ ու դիմացս կայնողին ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան։ Ալ ոյժ չունիմ։ 17Իմ Տէրոջս ծառան իր Տէրոջը հետ ի՞նչպէս պիտի կրնայ խօսիլ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ ու վրաս շունչ չմնաց»։ 18Այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ եւ զիս ուժովցուց 19Ու ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ Երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի. «Թող խօսի իմ Տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս»։
20Անիկա ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչու համար քեզի եկայ։ Հիմա Պարսիկներու իշխանին դէմ պատերազմելու պիտի երթամ։ Երբ ես երթամ՝ Յոյներու իշխանը պիտի գայ։ 21Բայց ես ճշմարտութեան գրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր Միքայէլ իշխանը»։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 10: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in