Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։