Անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ո՛չ թէ իր զօրութիւնովը ու անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ եւ իր կատարածներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կործանէ զօրաւոր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։ Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։