YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 7

7
ԴԱՆԻԷԼԻ ՉՈՐՍ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին առաջին տարին, Դանիէլ երազ մը տեսաւ։ Իր անկողնին մէջ՝ իր գլխուն տեսիլքները եւ երազը գրեց համառօտ կերպով։ 2Դանիէլ ըսաւ. «Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին 3Ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին։
4«Առաջինը առիւծի պէս էր ու արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան ու երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ ու անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ։
5«Երկրորդ գազանը արջի նման էր ու մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռաներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին. ‘Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր’։
6«Անկէ ետքը տեսայ, ահա ինձի նման ուրիշ մը, որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ։
7Անկէ ետքը գիշերուան տեսիլքներու մէջ տեսայ չորրորդ գազան մը։ Անիկա ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր։ Անիկա մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր։ Կ’ուտէր ու կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եկող գազաններէն տարբեր էր։ Տասը եղջիւր ունէր։ 8Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւէն միւս եղջիւրներէն երեքը խլուեցան եւ ահա այս եղջիւրին վրայ մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան կար։
ՏԵՍԻԼՔԸ ԱՆՈՐ, ՈՐ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ Է
9«Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ու գլխուն մազը բուրդի պէս էր։ Անոր աթոռը՝ կրակի բոցի պէս ու անիւները վառած կրակի պէս էին։ 10Անոր առջեւէն կրակի գետ մը կ’ելլէր ու կը վազէր։ Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին։ Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան։ 11Երբ այն կողմը կը նայէի, այն եղջիւրին մեծ խօսքերուն ձայնին համար, տեսայ թէ գազանը սպաննուեցաւ եւ անոր մարմինը կորսուեցաւ ու կրակի բոցերու տրուեցաւ։ 12Թէեւ միւս գազաններուն իշխանութիւնը վերցուեցաւ, բայց ժամանակ մը անոր կեանքը երկարեցաւ։ 13Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդին Մարդոյ անոր մօտեցուցին։ 14Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի։
ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻՆ
15«Ես՝ Դանիէլս՝ հոգիով իմ ներսիդիս վշտացայ եւ իմ տեսիլքներս զիս խռովեցին։ 16Հոն կայնողներէն մէկուն մօտեցայ ու բոլոր բաներուն իմաստը անոր հարցուցի եւ անիկա ինծի խօսեցաւ ու այս բաներուն մեկնութիւնը ինծի իմացուց. 17‘Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն։ 18Եւ Բարձրեալին սուրբերը պիտի առնեն թագաւորութիւնը ու անոնք պիտի ժառանգեն թագաւորութիւնը յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից’։
19«Ետքը չորրորդ գազանին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ ուզեցի, որ բոլոր միւսներէն տարբեր էր ու խիստ ահեղ էր. անոր ակռաները երկաթէ եւ եղունգները պղնձէ էին, անիկա կ’ուտէր, կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ 20Նոյնպէս հարցուցի անոր գլխուն վրայի տասը եղջիւրներուն մասին ու միւսին մասին, որուն առջեւէն երեքը ինկան, այսինքն այն եղջիւրին մասին, որ աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան ունէր ու միւսներէն աւելի մեծ կ’երեւէր։ 21Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը միւսներէն մեծ կ’երեւէր եւ կը տեսնէի, որ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց, 22Մինչեւ որ յաւիտեան կենդանին եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն իրաւունք տրուեցաւ ու ժամանակը հասաւ, որ սուրբերը թագաւորութիւնը առնեն։ 23Անիկա այսպէս ըսաւ. ‘Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ 24Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ, 25Բարձրեալին դէմ խօսքեր պիտի ըսէ ու Բարձրեալին սուրբերը պիտի սպառէ եւ պիտի մտածէ ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել։ Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի տրուին։ 26Թէեւ ատեանը պիտի բազմի, բայց անոր իշխանութիւնը պիտի վերցնեն, վերջապէս զանիկա բնաջինջ պիտի ընեն ու կորսնցնեն։ 27Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին’»։
28«Խօսքին վերջը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլս՝ խիստ խռովեցուցին ու երեսիս գոյնը փոխուեցաւ եւ այս խօսքը սրտիս մէջ պահեցի»։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 7: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in