YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 6

6
ԴԱՆԻԷԼ ԱՌԻՒԾՆԵՐՈՒ ԳՈՒԲԻՆ ՄԷՋ
1Դարեհի առջեւ հաճոյ երեւցաւ, որ թագաւորութեանը վրայ հարիւր քսան կուսակալներ դնէ, որոնք բոլոր թագաւորութեանը մէջ ըլլան։ 2Անոնց վրայ երեք հրամանատար կարգեց, որոնցմէ մէկը Դանիէլն էր. որպէս զի կուսակալները ասոնց հաշիւ տան, որպէս զի թագաւորը չվնասուի։ 3Եւ Դանիէլ միւս հրամանատարներէն եւ կուսակալներէն նախապատիւ էր, վասն զի անոր վրայ գերազանց հոգի կար ու թագաւորը կը մտածէր զանիկա բոլոր թագաւորութեանը վրայ դնել։
4Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ 5Ուստի այս մարդիկը ըսին. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք»։
6Այն ատեն հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին քով հաւաքուեցան ու անոր այսպէս ըսին. 7«Ո՛վ Դարեհ թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցի՛ր։ Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’։ 8Հիմա, ո՛վ թագաւոր, այս օրէնքը հաստատէ ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարերու եւ Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ չփոխուի»։ 9Ուստի Դարեհ թագաւորը հրովարտակն ու արգելիչ օրէնքը ստորագրեց։
10Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս։ 11Ուստի այս մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանիէլը գտան, որ իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր։ 12Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ թագաւորին արգելիչ օրէնքին համար ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այդ խօսքը ճշարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։ 13Այն ատեն անոնք թագաւորին ըսին. «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։ 14Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ շատ տրտմեցաւ ու մտածեց Դանիէլը ազատել ու մինչեւ արեւուն մտնելը ջանաց զանիկա ապրեցնել, 15Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցիր թէ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքը այս է, որ թագաւորին հաստատած ոեւէ արգելիչ օրէնք ու հրաման չի փոխուիր»։ 16Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, որ Դանիէլը բերեն եւ զանիկա առիւծներուն գուբը նետեն։ Թագաւորը Դանիէլին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։ 17Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի։ 18Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց ու գիշերը անօթի անցուց։ Իր առջեւ #6:18 կամ, համադամ կերակուրներնուագարաններ բերել չտուաւ ու քունը փախաւ։
19Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։ 20Երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլին պոռաց, եւ թագաւորը Դանիէլին ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։ 21Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. 22Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։ 23Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն հանեն։ Դանիէլը գուբէն հանեցին ու անոր վրայ ոեւէ վնաս չտեսնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց։ 24Թագաւորը հրամայեց ու Դանիէլին վրայ չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին եւ զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ յարձակեցան ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին։
25Այն ատեն Դարեհ թագաւորը բոլոր երկրի ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն այսպէս գրեց. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ. 26Ինծմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ։ 27Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։
28Այսպէս Դանիէլ Դարեհի թագաւորութեանը ու Պարսիկ Կիւրոսի թագաւորութեանը ատեն յաջողութիւն գտաւ։
ԴԱՆԻԷԼ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՐ ՏԵՍԻԼՔԸ
(7:1–12:13)

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 6: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in