YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 5

5
ԲԱՂՏԱՍԱՐԻ ԿՈՉՈՒՆՔԸ
1Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք տուաւ ու հազարին առջեւ գինի խմեց։ 2Երբ Բաղտասար գինիէն զուարթացաւ, հրամայեց որ իր #5:2 Այսինքն, մեծ հօրըհօրը Նաբուգոդոնոսորին Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ ու արծաթէ անօթները բերեն, որպէս զի թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեն։ 3Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը տաճարէն հանուած ոսկի անօթները բերին եւ թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեցին։ 4Անոնք գինի խմեցին ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին։
5Նոյն ժամուն մարդու ձեռքի մատեր ելան ու աշտանակին դէմ, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ գրեցին եւ թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ։ 6Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին։ 7Թագաւորը բարձրաձայն աղաղակեց որ հմայողները, Քաղդեանները ու բաղդ նայողները գան։ Թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն ըսաւ. «Ո՛վ որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլայ»։ 8Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց չկրցան կարդալ ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին իմացնել։ 9Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը սաստիկ խռովեցաւ ու երեսին գոյնը փոխուեցաւ։ Անոր մեծամեծներն ալ սարսափեցան։ 10Թագուհին թագաւորին ու անոր մեծամեծներուն խօսքերը իմանալով՝ կոչունքին պալատը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. քու խորհուրդներդ քեզ չխռովեցնեն ու երեսիդ գոյնը թող չփոխուի. 11Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ, որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Քու հօրդ օրերը անոր վրայ լոյս, հանճար ու աստուածներուն իմաստութեանը պէս իմաստութիւն տեսնուեցաւ եւ քու հայրդ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանիկա մոգերուն, հմայողներուն, Քաղդեաններուն ու բաղդ նայողներուն վրայ իշխան դրաւ։ 12Քանզի այն մարդուն քով, այսինքն Դանիէլին, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար կայ երազները մեկնելու, առեղծուածները յայտնելու ու դժուարին խնդիրները լուծելու։ Դանիէլը թող կանչուի ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ»։
ԴԱՆԻԷԼ ԳՐՈՒԱԾՔԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ
13Այն ատեն Դանիէլը թագաւորին առջեւ տարուեցաւ։ Թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլին ըսաւ. «Իմ թագաւոր հօրս Հրէաստանէն բերած Հրէաստանի գերիներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես, 14Վասն զի քեզի համար լսեցի թէ քու ներսդ աստուածներու հոգի կայ եւ քու քովդ լոյս, հանճար ու գերազանց իմաստութիւն կը գտնուի։ 15Հիմա իմ առջեւս իմաստուններ ու հմայողներ բերուեցան, որպէս զի այս գրուածը կարդան ու զայն մեկնեն, բայց անոնք չկրցան այս խօսքը մեկնել։ 16Ես քեզի համար լսեցի թէ մեկնելու եւ դժուարին խնդիրներ լուծելու կարող ես։ Եթէ դուն այդ գրուածը կարենաս կարդալ եւ զայն մեկնել, ծիրանի պիտի հագնիս եւ քու պարանոցդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի ու թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլաս»։
17Այն ատեն Դանիէլ պատասխան տուաւ ու թագաւորին ըսաւ. «Քու պարգեւներդ քեզի ըլլան ու նուէրներդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ ու մեկնեմ զայն։ 18Ո՛վ թագաւոր, Բարձրեալն Աստուած քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորին թագաւորութիւն ու մեծութիւն եւ պատիւ ու փառք տուաւ. 19Անոր տուած մեծութենէն բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր երեսէն կը դողային ու կը վախնային։ Անիկա ուզածը կը մեռցնէր եւ ուզածը ողջ կը թողուր։ Անիկա ուզածը կը բարձրացնէր եւ ուզածը կը ցածցնէր։ 20Բայց, երբ անոր սիրտը հպարտացաւ ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ լեցուեցաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ ու պատիւը անկէ առնուեցաւ։ 21Անիկա մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ ու անոր սիրտը անասուններու պէս եղաւ եւ անոր բնակութիւնը վայրենի էշերու հետ եղաւ։ Արջառներու պէս խոտ կը կերցնէին անոր ու անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալն Աստուած կը տիրէ ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ։ 22Ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէեւ այս բոլորը գիտէիր, 23Այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր ու անոր տանը անօթները քու առջեւդ բերին եւ դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն։ Բայց այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ճամբաներդ, չփառաւորեցիր. 24Անոր համար այն ձեռքի թաթը անոր կողմէ ղրկուեցաւ, որ այս գրուածքը գրեց։ 25Այսպէս գրուած է. ‘#5:25 Այսինքն, Համրուած, համրուած, կշռուած ու բաժնուածՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ’ 26Այս խօսքին մեկնութիւնն այս է. ‘Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց ու զանիկա վերջացուց։ 27Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար։ 28Փարսին, քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ’»։
29Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց ու Դանիէլին ծիրանի հագցուցին ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին եւ անոր համար մունետիկ կանչել տուին՝ թէ ‘Թագաւորութեանը երրորդ իշխանը եղաւ’։
30Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ Մարերու Դարեհ թագաւորը առաւ թագաւորութիւնը, երբ հազիւ վաթսունըերկու տարեկան էր։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 5: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in