Ինծմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ։ Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։