YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 2

2
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻՆ ԵՐԱԶԸ
1Նաբուգոդոնոսոր իր թագաւորութեան երկրորդ տարին երազներ տեսաւ եւ անոր հոգին խռովեցաւ ու քունը փախաւ։ 2Եւ թագաւորը հրամայեց որ մոգերը, հմայողները, կախարդներն ու Քաղդեանները կանչեն, որպէս զի թագաւորին պատմեն իր երազները։ Անոնք եկան ու թագաւորին առջեւ կայնեցան։
3Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Երազ տեսայ ու իմ հոգիս խռովուեցաւ։ Կ’ուզեմ այն երազը գիտնալ»։ 4Ու Քաղդեանները թագաւորին #2:4 Կամ, ՔաղդէարէնԱսորերէն ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. ըսէ՛ երազը քու ծառաներուդ ու մենք անոր մեկնութիւնը իմացնենք»։ 5Թագաւորը պատասխան տուաւ Քաղդեաններուն ու ըսաւ. «Բանը ինծմէ հեռացաւ։ Եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի չյայտնէք, դուք կտոր կտոր պիտի ըլլաք ու ձեր տուները աղբանոց պիտի ըլլան։ 6Բայց եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացնէք, ինծմէ պարգեւներ, վարձատրութիւններ ու շատ պատիւ պիտի առնէք։ Ուրեմն երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացուցէք»։ 7Անոնք նորէն պատասխան տուին ու ըսին. «Թագաւորը թող ըսէ՛ երազը իր ծառաներուն ու անոր մեկնութիւնը իմացնենք»։ 8Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ գիտեմ թէ դուք ժամավաճառ կ’ուզէք ըլլալ, վասն զի կը տեսնէք թէ բանը ինծմէ ելած է։ 9Բայց եթէ դուք երազը ինծի չյայտնէք, ձեզի համար մէկ վճիռ կայ, վասն զի դուք ձեր մէջ որոշեցիք, որ իմ առջեւս սուտ ու ապականեալ խօսք մը ըսէք՝ մինչեւ որ ժամանակը փոխուի։ Ուստի ըսէք ինծի երազը, որպէս զի գիտնամ թէ պիտի կարենաք անոր մեկնութիւնը իմացնել»։ 10Քաղդեանները թագաւորին առջեւ պատասխան տուին ու ըսին. «Երկրի վրայ այնպիսի մարդ մը չկայ, որ կարող ըլլայ թագաւորին պահանջած բանը իմացնել. անոր համար ոեւէ թագաւոր, նախարար կամ իշխան այսպիսի բան պահանջած չէ մոգէ մը կամ հմայողէ մը կամ Քաղդեայէ մը։ 11Թագաւորին պահանջած բանը դժուար է։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ զանիկա թագաւորին իմացնէ, բայց միայն աստուածները, որոնք մսեղէն մարմնի մէջ չեն բնակիր»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԴԱՆԻԷԼԻՆ ԿԸ ՑՈՒՑՆԷ ԵՐԱԶՆ ՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
12Ասոր վրայ թագաւորը սրդողեցաւ ու խիստ բարկացաւ եւ հրամայեց, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորեն։ 13Հրամանը ելաւ եւ իմաստունները պիտի կոտորուէին. ուստի փնտռեցին Դանիէլն ու անոր ընկերները, որպէս զի մեռցնեն։ 14Այն ատեն Դանիէլ իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ խօսեցաւ թագաւորին դահճապետին Արիովքին հետ, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորելու ելեր էր։ 15Թագաւորին իշխանին Արիովքին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այս դաժան հրամանը թագաւորէն տրուեցաւ»։ Այն ատեն Արիովք խնդիրը Դանիէլին յայտնեց։ 16Դանիէլ մտաւ ու թագաւորին խնդրեց, որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ։ 17Դանիէլ իր տունը գնաց եւ այս բանը իր ընկերներուն՝ Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային յայտնեց։ 18Որպէս զի այս գաղտնիքին համար երկնքի Աստուծոյ գթութիւնը խնդրեն, որպէս զի Դանիէլն ու անոր ընկերները Բաբելոնի միւս իմաստուններուն հետ չկոտորուին։
19Գաղտնիքը գիշերուան տեսիլքի մէջ Դանիէլին յայտնուեցաւ։ Այն ատեն Դանիէլ երկնքի Աստուածը օրհնեց։ 20Դանիէլ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։ 21Ատեններն ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. 22Խորունկ ու ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ ու լոյսը անոր քով կը բնակի։ 23Ես քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն ու զօրութիւն տուիր ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր»։
ԴԱՆԻԷԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԵՐԱԶԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՒ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ
24Ուստի Դանիէլ Արիովքին առջեւ ելաւ, որ թագաւորը որոշեր էր Բաբելոնի իմաստունները կորսնցնելու. գնաց ու անոր այսպէս ըսաւ. «Բաբելոնի իմաստունները մի՛ կորսնցներ, զիս թագաւորին առջեւ տար, որ մեկնութիւնը թագաւորին իմացնեմ»։ 25Այն ատեն Արիովք արտորնօք Դանիէլը թագաւորին առջեւ հանեց ու անոր այսպէս ըսաւ. «Հրէաստանի գերիներէն մարդ մը գտայ, որ մեկնութիւնը պիտի գիտցնէ թագաւորին»։ 26Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար դրուած էր. «Կարո՞ղ ես դուն իմ տեսած երազս ու անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել»։
27Դանիէլ թագաւորին առջեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թագաւորին հարցուցած գաղտնիքը իմաստունները, հմայողները, մոգերը ու բաղդ նայողները թագաւորին յայտնելու կարող չեղան։ 28Բայց երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ։ Երազդ ու անկողնիդ մէջ գլխուդ տեսիլքը ասիկա է. 29Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, քու անկողնիդ մէջ կը մտածէիր թէ ասկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Գաղտնիքները յայտնողը՝ ըլլալիքը քեզի գիտցուց։ 30Այս գաղտնիքը՝ ոչ թէ ամէն ապրողներէն աւելի իմաստութիւն ունենալուս համար ինծի յայտնուեցաւ, հապա մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնելու համար, որպէս զի դուն քու սրտիդ խորհուրդները գիտնաս»։
31«Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, կը տեսնէիր մեծ արձան մը։ Այս մեծ ու խիստ պայծառ արձանը քու դիմացդ կայներ էր։ Անոր երեւոյթը ահաւոր էր։ 32Այս արձանին գլուխը՝ զուտ ոսկիէ, անոր կուրծքն ու թեւերը՝ արծաթէ, մէջքն ու ազդրերը՝ պղնձէ, 33Սրունքները՝ երկաթէ ու ոտքերուն մէկ մասը կաւէ էր։ 34Դուն կը նայէիր, երբ քար մը գլորուեցաւ առանց ձեռքի ու այն արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ ու զանոնք փշրեց։ 35Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթն ու ոսկին մէկտեղ փշրուեցան եւ ամառուան կալերուն մղեղին պէս եղան ու հովը զանոնք տարաւ ու անոնք ամենեւին տեղ մը չգտնուեցան, բայց արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ ու բոլոր երկիրը լեցուց։ 36Երազը այս է ու հիմա անոր մեկնութիւնը ըսենք»։
37«Ով թագաւոր, դուն թագաւորներու թագաւոր ես, վասն զի երկնքի Աստուածը քեզի թագաւորութիւն, կարողութիւն, զօրութիւն ու պատիւ տուեր է։ 38Մարդոց որդիներուն բոլոր բնակած տեղերուն մէջ՝ դաշտի գազաններն ու երկնքի թռչունները քու ձեռքդ տուեր է եւ անոնց ամենուն վրայ քեզ իշխան դրեր է։ Այն ոսկի գլուխը դո՛ւն ես։ 39Քեզմէ ետքը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի ելլէ քեզմէ ցած ու պղինձէ ուրիշ երրորդ թագաւորութիւն մը, որ բոլոր երկրին պիտի տիրէ 40Եւ չորրորդ թագաւորութիւնը երկաթի պէս ամուր պիտի ըլլայ ու ինչպէս երկաթը ամէն բան կը փշրէ ու կը մանրէ, անիկա ալ՝ այս ամէն բաները կոտրող երկաթին պէս փշրելով պիտի կոտրէ։ 41Որովհետեւ ոտքերուն ու մատներուն մէկ մասը կաւէ ու մէկ մասը երկաթէ տեսար, այն թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէ բաժին պիտի ունենայ, քանզի երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած տեսար։ 42Ոտքերուն մատերուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ ըլլալը կը ցուցնէ թէ այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ։ 43Տղմուտ կաւին հետ երկաթը խառնուած տեսնելդ կը ցուցնէ թէ անոնք մարդոց սերունդին հետ պիտի խառնուին, բայց անոնք իրարու պիտի չփակչին, ինչպէս երկաթը կաւին հետ չի փակչիր»։
44«Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ։ 45Դուն առանց ձեռքի լեռնէն կտրած քար մը տեսար եւ անիկա երկաթը, պղինձը, կաւը, արծաթն ու ոսկին փշրեց։ Մեծ Աստուածը ասկէ ետքը ինչ ըլլալիքը թագաւորին գիտցուց ու երազը ճշմարիտ է եւ անոր մեկնութիւնը՝ վստահելի»։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՎԱՐՁԱՏՐԷ ԴԱՆԻԷԼԸ
46Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր երեսին վրայ ինկաւ ու Դանիէլին երկրպագութիւն ըրաւ եւ հրամայեց որ ընծայ ու անոյշ հոտեր մատուցանեն անոր։ 47Թագաւորը Դանիէլին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցընէ ձեր Աստուածը ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնողը, քանզի դուն կարող եղար այս գաղտնիքը յայտնել»։ 48Այն ատեն թագաւորը մեծցուց Դանիէլը ու անոր շատ ու մեծ պարգեւներ տուաւ։ Զանիկա Բաբելոնի բոլոր գաւառներուն վրայ կառավարիչ ու Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն գլխաւորներուն վրայ իշխան դրաւ։ 49Դանիէլ թագաւորէն խնդրեց ու Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը դրաւ։ Դանիէլ թագաւորին դուռը կը մնար։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 2: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in