ԴԱՆԻԷԼ 3
3
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ՈՍԿԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ԵՐԿՐՊԱԳԵԼ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ
1Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը շինեց, անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վեց կանգուն։ Զանիկա Բաբելոնի գաւառը, Դուրա դաշտին մէջ կանգնեցուց։ 2Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրամայեց, որ կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները հաւաքեն, որպէս զի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին գան։ 3Այն ատեն կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին եկան ու Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած արձանին առջեւ կայնեցան։
4Մունետիկը բարձրաձայն կը կանչէր. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կ’ըսուի. 5‘Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին առջեւ պիտի իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք’։ 6Ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի»։ 7Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժոովուրդները, ազգերն ու լեզուները ինկան եւ Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին երկրպագութիւն ըրին։
ԴԱՆԻԷԼԻՆ ԵՐԵՔ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻՆ
8Այն ատեն քանի մը Քաղդէացի մարդիկ մօտեցան ու Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին 9Եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. 10Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, հրաման ըրիր որ ամէն մարդ որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէ, իյնայ ու ոսկի արձանին երկրպագութիւն ընէ 11Եւ ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուի։ 12Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան, որոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն դներ, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ»։
13Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր սրտմտութեամբ եւ բարկութեամբ հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բերեն, ուստի զանոնք թագաւորին առջեւ բերին։ 14Նաբուգոդոնոսոր անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր եւ իմ ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ։ 15Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալ ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընել, աղէկ. բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակին հնոցին մէջ պիտի նետուիք եւ ո՜վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։
16Պատասխան տուին Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։ 17Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ 18Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։
ԴԱՆԻԷԼԻՆ ԵՐԵՔ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ
19Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ ու անոր երեսին երեւոյթը փոխուեցաւ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին վրայ եւ հրամայեց որ հնոցը սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն 20Ու իր զօրքին մէջ եղող զօրաւոր մարդոցը հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կապեն ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։ 21Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներովը, բաճկոններովը, վերարկուներովն ու բոլոր հանդերձներովը կապեցին ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։ 22Թագաւորին հրամանը ստիպողական ըլլալուն ու հնոցին շատ տաք ըլլալուն համար Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը վերցնող մարդիկը կրակին բոցէն սպաննուեցան։ 23Բայց այս երեք մարդիկը՝ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը՝ կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։
ԵՐԵՔ ՄԱՐԴԻԿԸ Կ’ԱԶԱՏՈՒԻՆ ՈՒ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻՆ
24Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ապշած՝ արտորնօք ոտքի ելաւ, իր խորհրդականներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին ըսին. «Այո՛, ո՛վ թագաւոր»։ 25Թագաւորը ըսաւ. «Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։ 26Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրանը մօտենալով՝ ըսաւ. «Ո՜վ Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հոս եկէ՛ք»։ Այն ատեն Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը կրակին մէջէն ելան։ 27Կուսակալները, նախարարները, կառավարիչներն ու թագաւորին խորհրդականները հաւաքուեցան եւ տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը ամենեւին ազդած չէր ու անոնց գլխուն մէկ մազը խանձած չէր ու անոնց անդրավարտիքները գոյներնին նետած չէին, անոնց վրայ կրակին հոտն անգամ չկար։
28Նաբուգոդոնոսոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն։ 29Արդ՝ ես կը հրամայեմ որ ոեւէ ժողովուրդ, ազգ ու լեզու, որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։ 30Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը Բաբելոնի գաւառին մէջ։
Currently Selected:
ԴԱՆԻԷԼ 3: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.