Դանիէլ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։ Ատեններն ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. Խորունկ ու ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ ու լոյսը անոր քով կը բնակի։