YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 1

1
ԴԱՆԻԷԼԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
(1:1–6:28)
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
1Յուդայի թագաւորին Յովակիմին թագաւորութեան երրորդ տարին Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ 2Տէրը անոր ձեռքը տուաւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորը ու Աստուծոյ տանը անօթներուն մէկ մասը։ Անիկա զանոնք Սենաար երկիրը, իր աստուծոյն տունը տարաւ ու անօթները իր աստուծոյն գանձատունը դրաւ։
3Թագաւորը իր ներքինապետին Ասփանէզին ըսաւ որ Իսրայէլի որդիներէն ու թագաւորական սերունդէն եւ իշխաններէն 4‘Բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով ու ամէն իմաստութեան հմուտ ու գիտութեան տեղեակ, հանճարեղ եւ թագաւորին պալատին մէջ կայնելու կարողութիւն ունեցող տղաքներ բերէ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն սորվեցնէ’։ 5Թագաւորը անոնց օրական ռոճիկ սահմանեց՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն, որպէս զի անոնք երեք տարի սնանին ու ետքը թագաւորին առջեւ կայնին։ 6Անոնց մէջ էին Յուդայի որդիներէն Դանիէլ, Անանիա, Միսայէլ ու Ազարիա։ 7Ներքինապետը անոնց անունները դրաւ. Դանիէլին՝ Բաղտասասար, Անանիային՝ Սեդրաք, Միսայէլին՝ Միսաք ու Ազարիային՝ Աբեդնագով։
8Դանիէլ որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի, ուստի ներքինապետէն թոյլտուութիւն խնդրեց, որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ։ 9Աստուած ներքինապետին առջեւ շնորհք ու գթութիւն գտնել տուաւ Դանիէլին։ 10Ներքինապետը Դանիէլին ըսաւ. «Ես կը վախնամ իմ թագաւոր տիրոջմէս, որ ձեր ուտելիքն ու խմելիքը սահմանեց. վասն զի ինչո՞ւ համար անիկա ձեր երեսները աւելի տկար տեսնէ քան ձեզի հասակակից եղող միւս տղաքներուն երեսները։ Ասով թագաւորին առջեւ գլուխս պիտի վտանգէք»։ 11Դանիէլ ըսաւ #1:11 Կամ, Մելսարինտնտեսին, որ ներքինապետը Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային վրայ դրեր էր. 12«Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներդ տասը օր փորձէ՛ ու մեզի ուտելու համար ընդեղէն ու խմելու համար ջուր տուր։ 13Դուն մեր դէմքը ու թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող տղոց դէմքը քննէ՛ եւ ինչպէս տեսնես՝ անոր համեմատ ըրէ քու ծառաներուդ»։ 14Անիկա ասոր համաձայնեցաւ ու զանոնք տասը օր փորձեց։ 15Տասը օր ետքը անոնց դէմքը՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող բոլոր տղաքներուն դէմքէն աւելի աղէկ ու գէր երեւցաւ։ 16Ուստի տնտեսը անոնց ազնիւ կերակուրը ու խմելու գինին կը վերցնէր ու անոնց ընդեղէն կու տար։
17Աստուած այս չորս տղաքներուն՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կը հասկնար։ 18Որոշուած օրերը լմննալէն ետքը, թագաւորը հրաման ըրեր էր, որ զանոնք իրեն տանին։ Ներքինապետը զանոնք Նաբուգոդոնոսորին առջեւ տարաւ։ 19Թագաւորը անոնց հետ խօսեցաւ եւ Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային պէս մէկը չգտնուեցաւ անոնց ամենուն մէջ։ Անոնք թագաւորին առջեւ կը կայնէին։ 20Թագաւորը՝ անոնց հարցուցած իմաստութեան ու գիտութեան վերաբերեալ բոլոր բաներուն մէջ՝ զանոնք իր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ։ 21Դանիէլ մինչեւ Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին մնաց։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in