YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 11

11
1Մարերու Դարեհ թագաւորին առաջին տարին ես կայնեցայ որպէս զի զանիկա ուժովցնեմ ու զօրացնեմ։ 2Հիմա քեզի ճշմարտութիւնը պիտի պատմեմ. «Ահա Պարսկաստանի մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլեն ու չորրորդը ամենէն հարուստը պիտի ըլլայ ու երբ իր հարստութիւնովը ուժովնայ, ամէնքը ոտքի պիտի հանէ Յոյներու թագաւորութեան դէմ։
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
3«Ետքը զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ ու մեծ իշխանութիւնով պիտի տիրէ, իր կամքին ուզածին պէս պիտի ընէ. 4Բայց ելլելուն պէս անոր թագաւորութիւնը պիտի կոտրի ու երկնքի չորս հովերուն պիտի բաժնուի. բայց ո՛չ իր յաջորդներուն, ո՛չ ալ իր վարած իշխանութեանը. վասն զի անոր թագաւորութիւնը պիտի քակուի ու իրենցմէ ուրիշներուն պիտի անցնի։
5«Հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ ու անոր իշխաններէն մէկը աւելի պիտի ուժովնայ ու պիտի տիրէ։ Անոր իշխանութիւնը մեծ իշխանութիւն մը պիտի ըլլայ։ 6Եւ մէկ քանի տարիէն ետքը անոնք իրարու հետ դաշնակցութիւն պիտի ընեն, վասն զի հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ հաշտութիւն ընելու համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի չունենայ։ Այն թագաւորը ու անոր բազուկը պիտի չկարենայ դիմանալ, հապա այն աղջիկն ու զանիկա բերողները ու զանիկա ծնանողը եւ զայն հոգացողը պիտի սպաննուին։
7«Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ անոր տեղ ու անիկա զօրքով պիտի գայ եւ հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ ու անոնց մէջ հաճելի եղածը պիտի ընէ ու պիտի յաղթէ։ 8Անոնց աստուածներն ալ ձուլածոյ կուռքերուն ու ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններուն հետ իբր գերի Եգիպտոս պիտի տանի։ Անիկա #11:8 Կամ, մէկ քանի տարի հիւսիսի թագաւորէն աւելի պիտի զօրանայհիւսիսի թագաւորէն աւելի շատ տարիներ պիտի կայնի՝ ՝։ 9Հարաւի թագաւորին պետութեանը մէջ պիտի մտնէ ու նորէն իր երկիրը պիտի դառնայ։
10«Անոր որդիները պատերազմի պիտի ելլեն ու շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի հաւաքեն. ինք ալ անպատճառ պիտի գայ ու հեղեղի պէս պիտի անցնի եւ մինչեւ անոր ամրոցը պիտի շարունակէ պատերազմիլ։ 11Իսկ հարաւի թագաւորը պիտի կատղի ու պիտի ելլէ։ Անոր հետ, այսինքն հիւսիսի թագաւորին հետ, պատերազմ պիտի ընէ, բայց բազմութիւնը հարաւի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի, 12Որը երբ այն բազմութիւնը առնէ, իր սիրտը պիտի բարձրացնէ ու բիւրաւորներ պիտի կործանէ, բայց պիտի չուժովնայ. 13Քանզի հիւսիսի թագաւորը պիտի դառնայ ու նախորդէն աւելի բազմութիւն ոտքի պիտի հանէ ու մէկ քանի տարիէն մեծ զօրքով ու մեծ պատրաստութեամբ անշուշտ պիտի գայ։
14«Այն ժամանակները հարաւի թագաւորին վրայ շատերը պիտի ելլեն ու քու ժողովուրդիդ բռնաւորներուն որդիներն ալ ոտքի պիտի ելլեն՝ տեսիլքը կատարելու համար, բայց պիտի գլորին։ 15Հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ ու հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնէ ու պարսպապատ քաղաքները պիտի առնէ եւ հարաւի թագաւորին բազուկները ու անոր ընտրեալները պիտի տկարանան, ո՛չ ալ դիմանալու ոյժ պիտի ունենան։ 16Անոր վրայ եկողը իր ուզածին պէս պիտի ընէ։ Անոր առջեւ դէմ դնող պիտի չըլլայ։ Փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ եւ իր ձեռքով պիտի աւերէ։ 17Պիտի դառնայ իր թագաւորութեան բոլոր ուժովը, խաղաղութեան պայմանները պիտի բերէ եւ հաստատէ զանոնք, կիներուն աղջիկը անոր պիտի տայ, որպէս զի կործանէ թագաւորութիւնը, բայց անոր հետ պիտի չկենայ կամ բան մը պիտի չշահի։ 18Վերջապէս իր երեսը դէպի կղզիները պիտի դարձնէ ու անոնցմէ շատերը պիտի առնէ, բայց իշխան մը անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ ու ասկէ զատ անոր նախատինքը անոր վրայ պիտի դարձնէ։ 19Իր երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի տկարանայ, պիտի իյնայ ու պիտի չգտնուի։
20Եւ անոր տեղ ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեանը #11:20 Կամ, փառաւորուած մասէնփառքին համար՝ ՝, բայց անիկա քիչ օրերու մէջ պիտի կոտրի, սակայն ո՛չ բարկութեամբ եւ ո՛չ պատերազմով։
ՍՈՒՐԻՈՅ ՉԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
21Անոր տեղ անարգ մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ ու շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ։ 22Անոր առջեւէն բանակները հեղեղի պէս պիտի քալեն եւ ընկղմին, նաեւ ուխտին իշխանը։ 23Քանզի անոր հետ դաշինք կնքելէ ետք նենգութիւն պիտի ընէ ու տկար ազգով պիտի յաղթէ։ 24Անիկա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառի մէջ պիտի մտնէ ու իր հայրերուն ու անոնց հայրերուն չըրածը ինք պիտի ընէ։ Անոնց մէջ աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաժնէ ու կարճ ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր ծրագիրները պիտի մշակէ։ 25Մեծ զօրքով իր զօրութիւնն ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ։ Հարաւի թագաւորն ալ խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ, բայց պիտի չկարենայ դիմանալ. վասն զի անոր դէմ ծրագիրներ պիտի մշակուին։ 26Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտորեն եւ անոր զօրքը պիտի #11:26 Կամ, կոխէ, Եբր., յորդիցրուի ու շատերը պիտի սպաննուին։ 27Այս երկու թագաւորներուն ալ սիրտը չարութիւն ընելու հակամէտ պիտի ըլլայ ու նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին, բայց պիտի չյաջողին, վասն զի վախճանը որոշուած ժամանակին պիտի հասնի։ 28Անիկա շատ հարստութիւնով իր երկիրը պիտի դառնայ, բայց իր սիրտը սուրբ ուխտին դէմ պիտի ըլլայ։ Իր ուզածը պիտի ընէ ու իր երկիրը պիտի դառնայ։
29«Որոշուած ժամանակին պիտի դառնայ ու հարաւին վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ։ 30Քանզի Կիտացիներու նաւերը անոր դէմ պիտի երթան եւ անիկա պիտի թուլնայ ու դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի ելլէ, պիտի դառնայ ու սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ պիտի ընէ։ 31Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին եւ պղծեն տաճարը եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը։ Անոր տեղ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն։ 32Ու ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ 33Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին։ Բայց երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն։ 34Ու շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։ 35Խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին, որպէս զի մինչեւ վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տեւէ։
36«Այն թագաւորը իր ուզածը պիտի ընէ ու զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ եւ աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի ու յաջողութիւն պիտի գտնէ՝ մինչեւ որ բարկութիւնը կատարուի. քանզի նախասահմանուածը պիտի գործադրուի։ 37Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ, ո՛չ ալ կիներու ցանկութիւններու մասին ու ոեւէ աստուած պիտի անտեսէ, քանզի ինքզինք ամենէն մեծ պիտի սեպէ։ 38Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ։ 39Օտար աստուծոյ հետ զօրաւոր բերդերու մէջ պիտի գործէ ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ եւ շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց ու երկիրը #11:39 Կամ, գնովիբրեւ վարձք՝ ՝ պիտի բաժնէ։
40«Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր վրայ պիտի յարձակի, բայց հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս հարաւի թագաւորին դէմ պիտի երթայ ու անոր երկիրը պիտի մտնէ ու կոխելով պիտի անցնի։ 41Փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ընէ. բայց անոր ձեռքէն պիտի ազատին Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը։ 42Իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկնցնէ ու Եգիպտոսը պիտի չկարենայ ազատիլ։ 43Ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ եւ Լիբէացիներն ու Եթովպիացիները անոր #11:43 Եբր., քայլերուն մէջպիտի հետեւին։ 44Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի դաշտերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ 45Պալատներու պէս վրանները ծովուն մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լերան վրայ պիտի կանգնեցնէ. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 11: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in