Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին եւ պղծեն տաճարը եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը։ Անոր տեղ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն։ Ու ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։