ԴԱՆԻԷԼ 12
12
ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
1Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի։ 2Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար։ 3Եւ իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից։
4«Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը #12:4 Կամ, հոս հոն պիտի պարտինուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։
5Ես՝ Դանիէլս՝ տեսայ թէ ուրիշ երկու մարդիկ կայներ էին, մէկը գետին մէկ եզերքը ու միւսը՝ գետին միւս եզերքը։ 6Մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր. «Այս սքանչելի բաներուն վերջը ե՞րբ պիտի ըլլայ»։ 7Եւ լսեցի որ այն կտաւ հագած մարդը, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, իր աջ ու ձախ ձեռքերը երկինք վերցնելով՝ յաւիտեան կենդանի եղողին վրայ երդում ըրաւ, որ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ պիտի ըլլայ ու երբ սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի, այս բոլորը պիտի կատարուին։
8Ես լսեցի, բայց չհասկցայ ու ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, ասոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ 9Անիկա ըսաւ. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։ 10Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան։ 11Ու մշտնջենապէս այրուող զոհին #12:11 կամ, վերցուած ժամանկէն մինչեւ աւրող պղծութեանը դրուիլըվերցուելուն եւ աւերող պղծութեանը դրուելուն ժամանակէն՝ ՝ հազար երկու հարիւր իննիսուն օր պիտի ըլլայ։ 12Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ ու հազար երեք հարիւր երեսունըհինգ օրուան պիտի հասնի։ 13Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս#12:13 Յունարէն բնագրին մէջ ԺԳ. գլուխ մըն ալ կայ»։
Currently Selected:
ԴԱՆԻԷԼ 12: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.