ԱՄՈՎՍԱՅ 1
1
1Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։ 2Ու ըսաւ.
«Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէ
Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։
Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւ
Կարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԷ
ա) ՍՈՒՐԻԱ
3Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Դամասկոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.
Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին։
4Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,
Որը Բենադադի պալատները պիտի ուտէ։
5Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրտեմ
Ու Աւենի դաշտէն՝ բնակիչը։
Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ
Եւ Ասորիներու ժողովուրդը դէպի Կիր գերի պիտի քշուի»։
բ) ՊԱՂԵՍՏԻՆ
6Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Գազայի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.
Քանզի բոլոր ժողովուրդը աքսորեցին,
Որպէս զի Եդովմին ձեռքը մատնեն։
7Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,
Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։
8Ազովտոսէն՝ բնակիչը,
Ասկաղոնէն՝ գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ,
Իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմ
Ու Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի»։
գ) ՏԻՒՐՈՍ
9Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Տիւրոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,
Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմին ձեռքը մատնեցին,
Եղբայրական ուխտը չյիշեցին։
10Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,
Որը անոր պալատները պիտի ուտէ»։
դ) ԵԴՈՎՄ
11Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Եդովմի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,
Քանզի իր եղբայրը սուրով հալածեց,
Իր ողորմութիւնը դադրեցուց,
Իր բարկութիւնը միշտ բորբոքեցուց
Ու իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց։
12Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,
Որը Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ»։
ե) ԱՄՄՈՆ
13Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ամմոնի որդիներուն երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չջնջեմ.
Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին,
Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն։
14Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկեցնեմ,
Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։
Ասիկա պատերազմի օրը՝ աղաղակով,
Փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ։
15Եւ #1:15 Կամ, Մեղքոմըանոնց թագաւորը՝ ՝ գերութեան պիտի երթայ,
Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ»։
Currently Selected:
ԱՄՈՎՍԱՅ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.