ՅՈՎԵԼԵԱՅ 3
3
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ ԱԶԳԵՐԸ
1«Ահա այն օրերը ու այն ժամանակը,
Երբ ես Յուդան ու Երուսաղէմը գերութենէ պիտի դարձնեմ,
2Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ
Ու զանոնք #3:2 Այսինքն, Տէրոջը դատաստանինՅովսափատի հովիտը պիտի իջեցնեմ։
Հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ
Իմ ժողովուրդիս ու իմ ժառանգորդիս՝ Իսրայէլին համար,
Որ ազգերու մէջ ցրուեցին,
Իմ երկիրս բաժնեցին,
3Իմ ժողովուրդիս համար վիճակ ձգեցին,
Տղան պոռնիկի վարձքի տեղ տուին,
Աղջիկը գինիի համար ծախեցին, որպէս զի խմեն։
4«Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք,
Ո՛վ Տիւրոս ու Սիդոն եւ Փղշտացիներու բոլոր սահմաններ։
Միթէ դուք ինծի հատուցո՞ւմ պիտի ընէք։
Եթէ դուք ինծի հատուցում ընէք,
Շուտով ձեր հատուցումը պիտի դարձնեմ ձեր գլխուն։
5Քանզի իմ արծաթս ու իմ ոսկիս առիք,
Իմ աղէկ ու ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք,
6Յուդայի որդիները ու Երուսաղէմի որդիները
Յոյներու որդիներուն ծախեցիք,
Որպէս զի զանոնք իրենց սահմանէն հեռացնէք։
7Ահա ես զանոնք պիտի վերադարձնեմ այն տեղէն՝ ուր դուք զանոնք ծախեցիք,
Ձեր ըրածը պիտի փոխադարձնեմ։
8Ձեր տղաքներն ու աղջիկները Յուդայի որդիներուն պիտի ծախեմ
Եւ անոնք ալ հեռաբնակ ազգի մը, Սաբայեցիներուն, պիտի ծախեն զանոնք»,
Քանզի Տէրը խօսեցաւ։
9Ասիկա ազգերու մէջ հրատարակեցէ՛ք,
Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք,
Զօրաւորները արթնցուցէ՛ք,
Բոլոր պատերազմիկները թող մօտենան ու ելլեն։
10Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք
Ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ։
Տկար եղողը՝ ‘Ես զօրաւոր եմ’, թող ըսէ։
11Շուտով եկէ՛ք, ո՛վ բոլոր շրջակայ ազգեր ու հաւաքուեցէ՛ք։
Քու մարտիկներդ, ո՛վ Տէր, հոն իջեցուր։
12Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան,
Քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն պիտի նստիմ։
13Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։
Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ,
Աւազանները կը յորդին.
Քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է։
14Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։
Տէրոջը օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։
15Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին,
Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։
16Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ
Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ,
Երկինք ու երկիր պիտի սարսին,
Բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն
Ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ
17Եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը,
Որ իմ սուրբ լերանս վրայ՝ Սիօնի մէջ՝ կը բնակիմ։
Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ,
Անգամ մըն ալ օտարներ պիտի չանցնին անկէ։
18Այն օրերը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն,
Բլուրները կաթ պիտի վազցնեն,
Յուդայի բոլոր ձորերը ջուրեր պիտի հոսեցնեն.
Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի բղխի
Եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ։
19Յուդայի որդիներուն եղած անիրաւութեանը համար
Եգիպտոս պիտի ամայանայ,
Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ,
Քանզի անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափուեցաւ։
20Բայց Յուդա յաւիտեան մարդաբնակ պիտի ըլլայ
Եւ Երուսաղէմ՝ դարէ դար։
21Անոնց արեան վրէժը պիտի առնեմ եւ չարութիւնը պիտի չմաքրեմ
Եւ Տէրը Սիօնի մէջ պիտի բնակի»։
Currently Selected:
ՅՈՎԵԼԵԱՅ 3: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.