Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։ Ու ըսաւ.
«Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէ
Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։
Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւ
Կարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։