ԱՄՈՎՍԱՅ 2
2
զ) ՄՈՎԱԲ
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Մովաբի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.
Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները՝ մինչեւ կիր դառնալը՝ այրեց։
2Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,
Որը Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ։
Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի։
3Անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմ
Ու անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ»։
է) ՅՈՒԴԱՅ
4Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Յուդայի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,
Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին
Ու անոր պատուիրանները չպահեցին,
Հապա իրենց ստութիւններով մոլորեցան,
Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։
5Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,
Որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ
6Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իսրայէլի երեք օրինազանցութիւններուն համար
Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,
Քանզի անոնք արդարը՝ ստակով
Ու տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին։
7Անոնք #2:7 Կամ, աղքատներուն գլուխը երկրի հողին վրայ ոտքով կը կոխենաղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան՝ ՝,
Չքաւորներուն ճամբան կը ծռեն
Եւ իմ սուրբ անունս պղծելու համար
Տղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն
8Ու ամէն սեղանի քով
Գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին
Եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ
Զրկուածներուն գինին կը խմեն։
9«Ես անոնց առջեւէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի,
Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր,
Անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր։
Վերէն անոր պտուղը
Եւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի։
10Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի,
Ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի,
Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք։
11Ձեր տղաքներէն՝ մարգարէներ
Եւ ձեր երիտասարդներէն ուխտաւորներ հանեցի։
Հիմա այսպէս չէ՞, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», կ’ըսէ Տէրը։
12«Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիք
Ու մարգարէներուն պատուիրեցիք՝ ըսելով.
‘Մարգարէութիւն մի՛ ընէք’։
13Ահա ես #2:13 Կամ, ձեր տակը ճնշուած եմ, ինչպէս որաներով լեցուն սայլը կը ճնշուիձեր եղած տեղը ձեզ պիտի ճզմեմ
Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը ճզմէ։
14Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ,
Ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել,
Զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել,
15Աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ,
Շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատել
Ու ձի հեծնողն ալ պիտի չկրնայ իր անձը ազատել
16Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը
Այն օրը մերկ պիտի փախչի», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ԱՄՈՎՍԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.