YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 9

9
ՍՕՂՈՍԻՆ ԴԱՐՁԸ
(Գործ. 27.6-16, 26.12-18)
1Սօղոս տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ քահանայապետին քով գնաց 2եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ։ 3Երբ կ’երթար ու Դամասկոսի մօտեցաւ, յանկարծ իր բոլորտիքը երկնքէն լոյս մը փայլատակեց. 4եւ ինք գետինը իյնալով՝ ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ 5Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՞վ ես դուն, Տէր»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. #9.5 Ոմանք չունինդժուար բան է քեզի խթանի դէմ կից զարնել»։ 6Ան ալ դողալով ու ապշութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ’ուզես որ ընեմ»։ 7Տէրը ըսաւ անոր. «Ելի՛ր ու քաղաքը մտի՛ր եւ քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պարտիս ընել»։ Այն մարդիկը, որոնք իրեն հետ կ’երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը միայն կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ։ 8Սօղոս գետնէն ելաւ ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ. ուստի անոր ձեռքէն բռնեցին ու Դամասկոս մտցուցին։ 9Երեք օր կեցաւ առանց տեսնելու։ Ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց։
10Անանիա անունով աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ։ Տէրը տեսիլքի մէջ անոր ըսաւ. «Անա՛նիա»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա հոս եմ»։ 11Տէրը ըսաւ անոր. «Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. վասն զի ահա անիկա աղօթք կ’ընէ. 12ու տեսիլքի մէջ մարդ մը տեսաւ Անանիա անունով՝ քովը մտած եւ ձեռքը իր վրայ դրած, որպէս զի տեսնէ»։ 13Անանիան պատասխան տուաւ. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այն մարդուն համար թէ շատ չարիքներ ըրաւ քու սուրբերուդ Երուսաղէմի մէջ 14եւ հոս ալ քահանայապետներէն իշխանութիւն ունի կապելու անոնք, որոնք քու անունդ կը կանչեն»։ 15Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, 16քանզի ես անոր պիտի ցուցնեմ թէ պէտք է իմ անուանս համար նեղութիւն կրէ»։ 17Անանիա գնաց ու այն տունը մտաւ եւ ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը զիս ղրկեց, այն Յիսո՛ւսը, որ ճամբուն մէջ քեզի երեւցաւ, երբ կու գայիր, որպէս զի տեսութիւնդ ստանաս ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»։ 18Շուտ մը անոր աչքերէն թեփերու պէս բաներ ինկան եւ իսկո՛յն տեսաւ ու ելաւ մկրտուեցաւ։ 19Կերակուր ուտելով ոյժը վրան եկաւ #9.19 Ոմանք, ու Սաւուղու քանի մը օր Դամասկոսի մէջ եղող աշակերտներուն հետ կեցաւ։
ՍՕՂՈՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ
20Եւ անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր #9.20 Ոմանք, ՔրիստոսըՅիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին։ 21Եւ ամէն լսողները մեծապէս զարմացեր էին ու կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ Երուսաղէմի մէջ կը մեռցնէր զանոնք, որ այս անունը կը կանչէին. հոս ալ այն բանին համար եկած էր, որպէս զի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»։ 22Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է։ 23Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Հրեաները խորհուրդ ըրին որ զանիկա սպաննեն։ 24Բայց Սօղոսին յայտնուեցաւ անոնց նենգութիւնը եւ ցորեկ ու գիշեր կը սպասէին, որպէս զի զանիկա սպաննեն։ 25Իսկ աշակերտները գիշերով առին զանիկա ու զամբիւղով մը կախելով՝ պատէն վար իջեցուցին։
ՍՕՂՈՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
26Երբ Սօղոս Երուսաղէմ դարձաւ, ջանաց աշակերտներուն միանալ, բայց ամէնքն ալ կը վախնային անկէ, չհաւատալով թէ անիկա աշակերտ էր։ 27Բայց Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբուն վրայ Տէրը տեսաւ եւ թէ անոր հետ խօսեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս Դամասկոսի մէջ համարձակ քարոզեց Յիսուսին անունը։ 28Երուսաղէմի մէջ անոնց հետ կը մտնէր ու կ’ելլէր Տէր Յիսուսին անունովը համարձակ քարոզելով։ 29Նաեւ #9.29 Այսինքն, Հելլենախօս ՀրեաներուՀելլենացիներուն դէմ կը խօսէր եւ վիճաբանութիւն կ’ընէր. անոնք ալ կը փնտռէին զանիկա սպաննել։ 30Իսկ եղբայրները իմանալով՝ զանիկա Կեսարիա իջեցուցին եւ անկէ Տարսոն ղրկեցին։
31Այն ատեն եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին ու Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին։
ՊԵՏՐՈՍ ԼԻՒԴԴԻԱՅԻ ԵՒ ՅՈՊՊԷԻ ՄԷՋ
32Պետրոս ամէն տեղ կը պտըտէր եւ Լիւդդիա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ։ 33Հոն մարդ մը գտաւ, որուն անունը Ենիա էր, ութը տարիէ ի վեր մահիճը պառկած անդամալոյծ։ 34Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ։ 35Եւ Լիւդդիայի ու Սարօնի մէջ բնակողներուն ամէնքը զանիկա տեսան ու Տէրոջը դարձան։ 36Յոպպէի մէջ աշակերտ եղած կին մը կար, անունը Տաբիթա. (որ կը թարգմանուի Այծեմնիկ). ասիկա լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով որոնք ինք կ’ընէր։ 37Այն օրերը ինք հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Լուացին զանիկա եւ վերը սենեակ մը դրին։ 38Ու Լիւդդիա Յոպպէի մօտ էր, ուստի աշակերտները լսելով թէ Պետրոս հոն է, անոր երկու մարդ ղրկեցին, աղաչելով որ չուշանայ եւ իրենց գայ։ 39Պետրոս ալ ելաւ անոնց հետ եկաւ։ Երբ եկաւ, վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւարիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր։ 40Պետրոս ալ ամէնքը դուրս հանելով՝ ծունկի վրայ եկաւ ու աղօթք ըրաւ եւ դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։ 41Պետրոսն ալ ձեռքը անոր տուաւ ու վերցուց զանիկա եւ սուրբերն ու որբեւարիները կանչելով՝ անոնց առջեւ ողջ կայնեցուց զանիկա։ 42Այս բանը բոլոր Յոպպէի մէջ իմացուեցաւ ու շատեր Տէրոջը հաւատացին։ 43Պետրոս շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy