Անանիա գնաց ու այն տունը մտաւ եւ ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը զիս ղրկեց, այն Յիսո՛ւսը, որ ճամբուն մէջ քեզի երեւցաւ, երբ կու գայիր, որպէս զի տեսութիւնդ ստանաս ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»։ Շուտ մը անոր աչքերէն թեփերու պէս բաներ ինկան եւ իսկո՛յն տեսաւ ու ելաւ մկրտուեցաւ։