YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 8

8
ՍՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՀԱԼԱԾԷ
1Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ։ 2Աստուածավախ մարդիկ Ստեփանոսը վերցուցին ու անոր վրայ մեծ ողբ ըրին։ 3Բայց Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար։
ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԿԸ ՔԱՐՈԶՈՒԻ
4Սակայն ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։ 5Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։ 6Եւ ժողովուրդը միաբան Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն կու տային՝ լսելով ու տեսնելով այն նշանները, որոնք կ’ընէր։ 7Վասն զի շատ դիւահարներէ պիղծ ոգիները մեծաձայն աղաղակելով՝ կ’ելլէին։ 8Եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին. 9մեծ ուրախութիւն եղաւ այն քաղաքին մէջ։ Բայց Սիմոն անունով մարդ մը կար, որ նախապէս այն քաղաքին մէջ մոգութիւն կ’ընէր ու Սամարացիները կ’ապշեցնէր, իրեն համար ըսելով թէ՝ մեծ մէկն է։ 10Ամէնքն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծ անոր ուշադրութիւն կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ [ըսուած] զօրութիւնն է»։ 11Շատ ժամանակէ ի վեր կախարդութիւններով զանոնք ապշեցնելուն համար՝ իրեն ուշադրութիւն կ’ընէին։ 12Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ։ 13Սիմոն ինքն ալ հաւատաց ու մկրտուելով միշտ Փիլիպպոսի հետ էր եւ տեսնելով այն նշանները ու մեծ զօրութիւնները, որոնք կ’ըլլային՝ կը զարմանար։ 14Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները երբ լսեցին թէ Սամարացիները Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են, Պետրոսն ու Յովհաննէսը անոնց ղրկեցին. 15որոնք հոն հասնելով՝ աղօթք ըրին անոնց համար, որպէս զի Սուրբ Հոգին առնեն։ 16(Վասն զի դեռ ո՛եւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուած էին)։ 17Այն ատեն ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն։ 18Երբ տեսաւ Սիմոն թէ առաքեալներուն անոնց վրայ ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց ստակ տուաւ ու ըսաւ. 19«Ինծի՛ ալ այս իշխանութիւնը տուէք, որպէս զի որո՛ւ վրայ ձեռք դնեմ՝ անիկա Սուրբ Հոգին առնէ»։ 20Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի։ 21Դուն այդ բանին մէջ մաս ու բաժին չունիս, վասն զի քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ շիտակ չէ։ 22Ուստի այդ չարութենէդ զեղջի եկուր ու Աստուծոյ աղաչէ՛, թերեւս ներուի քեզի քու սրտիդ չար խորհուրդը։ 23Վասն զի ես քեզ մաղձի դառնութեան մէջ եւ անիրաւութեան կապին մէջ կը տեսնեմ»։ 24Սիմոն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դո՛ւք ինծի համար աղօթք ըրէք Տէրոջը, որպէս զի այդ ձեր ըսածներէն բան մը իմ վրաս չի գայ»։ 25Անոնք ալ վկայութիւն տալով Տէրոջը խօսքը խօսելէն յետոյ դարձան Երուսաղէմ եւ Սամարացիներու շատ մը գիւղերուն մէջ աւետարանը քարոզեցին։
ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԵՒ ԵԹՈՎՊԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆ
26Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ’իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է»։ 27Ան ալ ելաւ գնաց։ Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու 28անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ 29Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։ 30Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ 31Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի։ 32Գրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ. 33իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի»։ 34Ներքինին պատասխան տուաւ Փիլիպպոսին ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար»։ 35Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին այս խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր։ 36Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ 37[Եւ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ քու բոլոր սրտովդ կը հաւատաս՝ կարելի է»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է»։] 38Ու հրաման ըրաւ որ կառքը կայնեցնեն։ Երկուքն ալ իջան։ Փիլիպպոս ներքինին մկրտեց։ 39Երբ ջուրէն դուրս ելան, Տէրոջը Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը եւ ա՛լ ներքինին զանիկա չտեսաւ ու իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ։ 40Բայց Փիլիպպոս Ազովտոսի մէջ գտնուեցաւ, ուր պտըտելով բոլոր քաղաքներուն աւետարան կը քարոզէր, մինչեւ ինք Կեսարիա հասաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy