YouVersion Logo
Search Icon

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 10

10
ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ԿՈՌՆԵԼԻՈՍ
1Կեսարիայի մէջ մարդ մը կար Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալացի կոչուած գունդէն. 2բարեպաշտ ու աստուածավախ իր բոլոր տունովը, որ ժողովուրդին շատ ողորմութիւններ կու տար եւ ամէն ատեն Աստուծոյ աղօթք կ’ընէր։ 3Անիկա օրուան ժամը իննին ատենները տեսիլքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակը յայտնի տեսաւ, որ իր քով մտաւ եւ իրեն ըսաւ. «Կո՛ռնելիոս»։ 4Ան ալ անոր նայելով ու խիստ վախնալով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ ելան յիշատակի համար։ 5Հիմա Յոպպէ մարդիկ ղրկէ ու կանչէ Սիմոն անունով մէկը, որ Պետրոս մականուանեալ է։ 6Անիկա իբրեւ հիւր կը կենայ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է#10.6 Ոմանք կ’աւելցնեն, Անիկա պիտի ըսէ ինչ որ պարտիս ընել»։ 7Ու երբ այն հրեշտակը, որ իրեն հետ կը խօսէր գնաց, Կոռնելիոս ծառաներէն երկուքը կանչեց ու իր քով սպասողներէն ալ բարեպաշտ զինուոր մը 8եւ ամէն բան պատմելով՝ Յոպպէ ղրկեց զանոնք։
9Ու հետեւեալ օրը, երբ անոնք ճամբայ երթալով՝ քաղաքին մօտեցան, Պետրոս ժամը վեցին ատենները տանիքը ելաւ աղօթք ընելու։ 10Խիստ անօթեցած ըլլալով՝ կ’ուզէր ճաշ ընել ու կերակուրի պատրաստութիւն կը տեսնէին, իր վրայ մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ. 11եւ տեսաւ երկինքը բացուած ու չորս ծայրէն կապուած աման մը մեծ կտաւի մը պէս, որ #10.11 Ոմանք, իրեն իջաւիջաւ երկրի վրայ, 12որուն մէջ կային ամէն տեսակ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։ 13Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր»։ 14Բայց Պետրոս ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի ես ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չեմ»։ 15Նորէն ձայնը եկաւ իրեն. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ 16Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ եւ ամանը երկինք վերցաւ։ 17Պետրոս, երբ իր մտքին մէջ կը զարմանար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն իր տեսած տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսէն ղրկուած մարդիկը Սիմոնին տունը հարցուցին ու դրանը առջեւ կայնեցան 18եւ կանչելով՝ կը հարցնէին թէ՝ «Սիմոնը, որ Պետրոս կ’ըսուի, հո՞ս կը կենայ»։ 19Երբ Պետրոս այն տեսիլքին վրայով կը մտածէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն։ 20Ուստի ելի՛ր, իջի՛ր եւ անոնց հետ գնա առանց խղճահարութեան, վասն զի ես ղրկեցի զանոնք»։ 21Պետրոս ալ #10.21 Ոմանք, Կոռնելիոսէ իրեն ղրկուածայն մարդոց քով իջնելով՝ ըսաւ. «Ահա ե՛ս եմ անիկա, որ կը փնտռէք. ի՞նչ բանի համար եկած էք»։ 22Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար եւ աստուածավախ մարդ, բոլոր Հրեաներու ազգէն վկայուած, սուրբ հրեշտակէ մը հրաման առաւ, որ քեզ իր տունը կանչէ եւ քու խօսքերդ լսէ»։ 23Այն ատեն ներս կանչեց զանոնք եւ իր քով վար դրաւ։
Հետեւեալ օրը Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց եւ Յոպպէէն քանի մը եղբայրներ ալ իրեն հետ գացին։ 24Յաջորդ օրը Կեսարիա մտան։ Կոռնելիոս ալ իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները կանչած՝ անոնց կը սպասէր։ 25Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս անոր դէմ ելաւ ու անոր ոտքը իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր։ 26Բայց Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. «Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»։ 27Եւ անոր հետ խօսակցելով ներս մտաւ։ Հոն շատ մարդիկ հաւաքուած էին։ 28Եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը. բայց Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ։ 29Անոր համար երբ ես կանչուեցայ, առանց դէմ խօսելու եկայ. բայց հիմա կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար զիս կանչեցիք»։ 30Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի ու ժամը իննին տանս մէջ աղօթք կ’ընէի եւ ահա փայլուն հանդերձներով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ. 31‘Կո՛ռնելիոս, քու աղօթքդ լսուեցաւ եւ քու ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան. 32ուստի մարդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ կ’ըսուի, անիկա ծովուն մօտ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը տանը մէջ իբրեւ հիւր կը կենայ, երբ գայ, քեզի պիտի խօսի’։ 33Ուստի անմիջապէս մարդիկ ղրկեցի քեզի, դուն ալ աղէկ ըրիր որ եկար եւ հիմա մենք ամէնքս Աստուծոյ առջեւ կեցեր ենք՝ լսելու այն ամէն բաները, որոնք Աստուծմէ հրամայուած են քեզի»։
ՊԵՏՐՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ
34Պետրոս ալ իր բերանը բացաւ ու ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ 35Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է։ 36Այն խօսքը որ Իսրայէլի որդիներուն ղրկեց Աստուած խաղաղութիւն քարոզելու Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. (անիկա է ամենուն Տէրը). 37դուք ալ աղէկ գիտէք եւ գիտէք այն ամէն բաները, որ բոլոր Հրէաստանի մէջ պատահեցան Գալիլիայէն սկսած, այն վկայութենէն յետոյ, որ Յովհաննէս քարոզեց. 38Յիսուսը որ Նազարէթէն էր, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով, որ պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր։ 39Եւ մենք վկայ ենք այն ամէն բաներուն որոնք ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ, որ փայտէն կախուած սպաննեցին ալ։ 40Աստուած զանիկա երրորդ օրը յարուցանեց եւ յայտնի ըրաւ զանիկա, 41ո՛չ թէ բոլոր ժողովուրդին, հապա մեզի, նախապէս Աստուծմէ վկայ ըլլալու ընտրուածներուս, որ իրեն հետ կերանք ու խմեցինք ալ անոր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետքը։ 42Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը։ 43Անոր կը վկայեն բոլոր մարգարէները, թէ ամէն իրեն հաւատացողները իր անունով մեղքերու թողութիւն պիտի գտնեն։»
ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻՆ
44Ու երբ Պետրոս այս խօսքերը կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ ամենուն վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին։ 45Թլփատուածներէն եղող հաւատացեալները, որոնք Պետրոսին հետ եկած էին, զարմացան որ հեթանոսներուն վրայ ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը կը լեցուէր 46եւ կը լսէին անոնց ուրիշ լեզուներով խօսիլը եւ Աստուած կը փառաւորէին։ 47Այն ատեն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել որ անոնք մկրտուին, որոնք Սուրբ Հոգին ալ ընդունեցին մեզի պէս»։ 48Ու հրաման ըրաւ, որ Տէրոջը անունովը մկրտուին։ Անոնք ալ իրեն աղաչեցին, որ քանի մը օր հոն մնայ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy