1
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:29
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:29
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:30-31
Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:30-31
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:28
Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, Չի յոգնիր ու չի թուլնար. Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:28
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:3
Անապատին մէջ կանչողին ձայնը. «Տէրոջը՝ ՝ ճամբա՛ն պատրաստեցէք Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:3
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:8
Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:8
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:5
Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:5
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:4
Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ, Ծուռը պիտի շտկուի, Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:4
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:11
Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:11
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:26
Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:26
10
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:22
Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։ Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:22
11
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:2
Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէք Ու անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ, Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:2
12
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:6-7
Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛» Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։ Ամէն մարմին խոտ է։ Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։ Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։ Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:6-7
13
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:10
Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։ Ահա իր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:10
14
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:1
«Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս», Կ’ըսէ ձեր Աստուածը.
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:1
15
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:12-14
Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց Ու թիզով երկինքը ծրագրեց Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց Ու լեռները կշռաթաթով Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։ Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։ Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։ Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 40:12-14