ԵՍԱՅԵԱՅ 40:12-14
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:12-14 WARMB
Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց Ու թիզով երկինքը ծրագրեց Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց Ու լեռները կշռաթաթով Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։ Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։ Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։ Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։





