ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 15
15
Օգնեցէք իրարու, ընդունեցէք իրար
1Մենք, հաւատքով զօրաւոր եղողներս, պէտք է համբերութեամբ տանինք տկարներու տկարութիւնները, եւ միայն մենք մեր մասին չմտածենք։ 2Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր շուրջ եղողներով պէտք է հետաքրքրուի՝ անոնց բարիքը խորհելով, անոնց հաւատքըամրապնդելու համար։ 3Արդարեւ, Քրիստոս ալ ինքզինքը չմտածեց, այլ՝ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ, «Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան»։ 4Բայց ինչ որ սկիզբէն Սուրբ գիրքին մէջ գրուեցաւ՝ մեր դաստիարակութեան համար գրուեցաւ, որպէսզի համբերութեամբ եւ Սուրբ գիրքերուն մեզի պարգեւած քաջալերանքով՝ յոյս ունենանք։ 5Թող համբերութիւն եւ ամէն տեսակի քաջալերանք պարգեւողը, Աստուած, շնորհէ՝ որ նոյնը խորհիք իրարու մասին, Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, 6որպէսզի միասիրտ եւ միաբերան փառաւորէք զԱստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը։ 7Հետեւաբար ընդունեցէ՛ք իրար, ինչպէս որ Քրիստոս ալ ձեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար։
Աւետարանը բոլոր ազգերուն սահմանուած է
8Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Քրիստոս Հրեաներուն ծառայեց՝ որպէսզի Աստուծոյ հաւատարմութիւնը ցոյց տայ եւ նախահայրերուն եղած խոստումները հաստատէ, 9եւ որպէսզի բոլոր ազգերը զԱստուած փառաւորեն՝ իր ողորմութեանը համար. ինչպէս Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է.–
«Ատոր համար ալ բոլոր ազգերուն մէջ
պիտի փառաւորեմ քեզ,
եւ սաղմոսներով քու անունդ օրհներգեմ»։
10Ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.–
«Ուրախացէ՛ք, ո՜վ ազգեր,
անոր ժողովուրդին հետ միասին»։
11Դարձեալ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.–
«Օրհնեցէ՛ք Տէրը, դուք՝ ազգե՛ր բոլոր.
գովեցէք զայն, դուք՝ ժողովուրդնե՛ր բոլոր»։
12Իսկ Եսայի կ՚ըսէ.–
«Յեսսէի արմատը պիտի ծլի
եւ պիտիելլէ՝ իշխելու համար ազգերուն,
եւ ազգերը իրենց յոյսը անոր պիտի կապեն»։
13Արդ, յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցնէ՝ իրեն հանդէպ ունեցած ձեր հաւատքովը, որպէսզի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ յոյսով առատանաք։
Պօղոսի ծառայութիւնը հեթանոսներուն
14Ինչ կը վերաբերի ձեզի, եղբայրնե՛ր, ես ինքս համոզուած եմ որ դուք ինքնին բարութեամբ լեցուն էք եւ ամբողջական գիտութեամբ լեցուած, եւ հետեւաբար կրնաք նաեւ իրար խրատել։ 15Բայց նամակիս մէջ որոշ տեղեր շատ խիստ եղայ ձեզի հանդէպ՝ կարգ մը բաներ վերյիշեցնելու համար ձեզի։ Աստուած ինծի իր շնորհքը տուաւ, 16որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի սպասաւորը ըլլամ հեթանոսներուն համար եւ Աստուծոյ Աւետարանին մատակարարման նուիրուիմ, որպէսզի հեթանոսները Աստուծոյ ընծայուին իբրեւ Սուրբ Հոգիով սրբուած ընդունելի պատարագ։ 17Թէպէտ իրաւունք ունիմ պարծենալու Քրիստոս Յիսուսով այն վաստակին համար որ ունիմ Աստուծոյ քով, 18բայց պիտի չհամարձակիմ ուրիշ բան յիշել, եթէ ոչ միայն այն՝ ինչ որ Քրիստոս իմ միջոցաւս կատարեց՝ հեթանոսները Աստուծոյ հնազանդեցնելու համար, խօսքով թէ գործով, 19զօրաւոր նշաններով ու հրաշքներով, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Այնպէս որ Երուսաղէմէն սկսեալ մինչեւ Իլլիրիկում՝ ամէն կողմ Քրիստոսի Աւետարանը տարածեցի։ 20Եւ ինծի պատիւ սեպեցի աւետարանել միայն հոն՝ ուր Քրիստոսի անունը չէր լսուած, որպէսզի ուրիշին դրած հիմին վրայ շինած չըլլամ, այլ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.–
21 «Անոնք՝ որոնց չէր պատմուած իր մասին՝
պիտի տեսնեն,
անոնք որոնք չէին լսած իր մասին՝
պիտի իմանան»։
Պօղոսի Հռոմ այցելելու ծրագիրը
22Այս մտահոգութիւնն էր որ բազմաթիւ անգամներ ինծի արգելք եղաւ ձեզի գալու։ 23Բայց հիմա որ այս կողմերը ա՛լ ընելիք մը չունիմ, եւ երկար տարիներէ ի վեր անձկութեամբ կը փափաքիմ ձեզի գալ, կ՚ուզեմ առիթէն օգտուիլ։ 24Եթէ Սպանիա անցնելու ըլլամ՝ յոյս ունիմ որ ճամբուս վրայ կը տեսնեմ ձեզ, եւ ձեր օգնութեամբ ալ կ՚անցնիմ հոն, անշուշտ նախ քիչ մը ձեր ներկայութիւնը վայելելէ ետք։
25Բայց հիմա Երուսաղէմ կ՚երթամ՝ օգնութիւն տանելու համար այնտեղի հաւատացեալներուն։ 26Որովհետեւ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի եղբայրները յօժարակամ ուզեցին իրենց նուէրներով մասնակից դառնալ Երուսաղէմի աղքատ հաւատացեալներու կարիքներուն։ 27Այդպէս ուզեցին, որովհետեւ նաեւ պարտական կը զգան անոնց հանդէպ։ Եւ արդարեւ, քանի որ հեթանոսներ հաղորդակից եղան անոնց հոգեւոր բարիքներուն, իրենք ալ պարտին մասնակից դառնալ անոնց նիւթական կարիքներուն։ 28Արդ, այս պարտականութիւնս կատարելէ եւ յիշեալ նուէրները Երուսաղէմի եկեղեցիին յանձնելէ ետք՝ ձեր վրայով Սպանիա պիտի անցնիմ։ 29Եւ գիտեմ, որ երբ ձեզի գամ՝ Քրիստոսի Աւետարանին ամբողջական օրհնութեամբը պիտի գամ։
30Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւած սիրովը կ՚աղաչեմ, որ ինծի համար Աստուծոյ աղօթելով պատերազմակից ըլլաք ինծի, 31որպէսզի Աստուած զիս ազատէ իր կամքին անհնազանդ մարդոց ձեռքէն, որոնք Հրէաստան կը գտնուին, եւ Երուսաղէմ տանելիք օգնութիւնս ընդունելի ըլլայ այնտեղի հաւատացեալներուն։ 32Որպէսզի նաեւ Աստուծոյ կամքով ուրախութեամբ ձեզի գամ՝ ձեր քով քիչ մը հանգչելու համար։ 33Խաղաղութեան պարգեւիչը՝ Աստուած ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 15: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019