ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 16
16
Անձնական բարեւներ
1Ձեզի կը յանձնարարեմ Կենքրայի եկեղեցիին ծառայող մեր Ֆիպէ քոյրը, 2որպէսզի Տիրոջ անունով ընդունիք զայն՝ ինչպէս որ հաւատացեալներուն կը վայելէ, եւ տէր ըլլաք իրեն՝ երբ ոեւէ բանի պէտք ունենալով դիմէ ձեզի. որովհետեւ ինքն ալ շատերուն տէր եղաւ եւ ամենէն աւելի՝ ինծի։
3Բարեւ ըրէք Պրիսկային ու Ակիլասին, Յիսուս Քրիստոսով իմ գործակիցներուս, 4որոնք իմ կեանքս փրկելու համար իրենց կեանքերն իսկ վտանգի ենթարկեցին։ Ո՛չ միայն ես երախտապարտ եմ իրենց, այլ հեթանոսութենէ դարձած բոլոր եկեղեցիները։ 5Բարեւ ըրէք նաեւ իրենց տունը հաւաքուող եկեղեցիին։ Բարեւ ըրէք իմ սիրելի Եպենետոսին, որ Ասիա նահանգէն Քրիստոսի առաջին հաւատացողն է։ 6Բարեւ ըրէք Մարիամին, որ շատ աշխատեցաւ ձեզի համար։ 7Բարեւ ըրէք Անդրոնիկոսին եւ Յունիասին, իմ ազգակիցներուս եւ բանտակիցներուս, որոնք քաջածանօթ են իրենց առաքելական գործով եւ ինձմէ առաջ ալ քրիստոնեայ դարձած։ 8Բարեւ ըրէք Ամպլիատոսին, որ Տիրոջմով սիրելի է ինծի։ 9Բարեւ ըրէք Ուրբանոսին, Տիրոջմով իմ գործակիցիս, եւ իմ սիրելի Ստաքիին։ 10Բարեւ ըրէք Ապեղէսի, Քրիստոսի հաւատարիմին։ 11Բարեւ ըրէք Արիստոբուլոսի ընտանիքին։ Բարեւ ըրէք Հերոդիոնին, իմ ազգակիցիս։ Բարեւ ըրէք Նարկիսոսի ընտանիքին, որ Տիրոջ կը հաւատայ։ 12Բարեւ ըրէք Տրիֆենային եւ Տրիֆոսային, որոնք աշխատեցան Տիրոջ համար։ Բարեւ ըրէք սիրելի Պերսիսին, որ շատ աշխատեցաւ Տիրոջ համար։ 13Բարեւ ըրէք Ռուֆոսին, Տիրոջ հաւատարիմին, եւ իր մօրը՝ որ իմ մայրս կը նկատեմ։ 14Բարեւ ըրէք Ասինկրիտոսին, Ֆլեկոնին, Հերմէսին, Պատրոբասին, Հերմասին եւ անոնց հետ եղող հաւատացեալ եղբայրներուն։ 15Բարեւ ըրէք Ֆիլոլոկոսին եւ Յուլիային, Ներէոսին եւ իր քրոջ, նաեւ Օլիմպասին եւ անոնց հետ եղող բոլոր հաւատացեալներուն։ 16Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Քրիստոսի բոլոր եկեղեցիները կը բարեւեն ձեզ։
17Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, որ զգուշանաք անոնցմէ՝ որոնք երկպառակութեանց եւ գայթակղութեանց պատճառ կ՚ըլլան՝ շեղելով այն վարդապետութենէն որ դուք սորվեցաք։ Հեռո՛ւ փախէք անոնցմէ, 18որովհետեւ այդպիսիները մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի չէ որ կը ծառայեն, այլ՝ իրենց որովայնին, քաղցր խօսքերով ու կեղծ գովասանքներով պարզամիտները խաբելով։ 19Ձեր հնազանդութեան համբաւը ամէն տեղ հասած է, եւ ես ձեզմով ուրախ եմ։ Բայց կ՚ուզեմ որ իմաստուն ըլլաք՝ բարի գործեր կատարելով, եւ անմեղադրելի ըլլաք՝ չար գործերէն հեռու մնալով։ 20Եւխաղաղութեան պարգեւիչը, Աստուած, շուտով ձեր ոտքերուն տակ պիտի խորտակէ Սատանան։
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
21Տիմոթէոս, իմ գործակիցս, ինչպէս նաեւ իմ ազգակիցներս՝ Ղուկիոս, Յասոն եւ Սոսիպատրոս՝ բարեւ կ՚ընեն ձեզի։ 22(Ես ալ՝ Տերտիոս, որ այս նամակը գրեցի, Տիրոջմով կը բարեւեմ ձեզ)։ 23Ձեզի բարեւ կ՚ընէ Գայիոսը, իմ հիւրընկալս, որ իր տան մէջ կը հիւրընկալէ նաեւ ամբողջ եկեղեցին։ $եզի բարեւ կ՚ընեն նաեւ Երաստոս, քաղաքիս գանձապետը, եւ Կուարտոս եղբայրը։
24Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
Փառաբանութիւն
25Փա՜ռք տանք Աստուծոյ, որ կրնայ ձեզ ձեր հաւատքին մէջ հաստատուն պահել այն Աւետարանով՝ որ ձեզի բերի Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։ Այդ Աւետարանը յայտնութիւնն է Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին, որ անցեալ բոլոր ժամանակներուն մէջ ծածուկ մնացած էր։ 26Այժմ այդ խորհուրդը, մարգարէական գրութիւններով յայտնուած, մշտնջենաւոր Աստուծոյ հրամանով բոլոր ազգերուն ծանուցուեցաւ, որպէսզի ամէն ոք հաւատայ եւ հնազանդի Քրիստոսի։ 27Ուստի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ յաւիտենական փա՜ռք Աստուծոյ, որ ի՛նք միայն իմաստուն է։ Ամէն։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 16: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019