YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14

14
Եղբայրդմի՛ դատեր
1Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու։ 2Օրինակ, մէկը կը հաւատայ՝ թէ ամէն ինչ կարելի է ուտել։ Ուրիշ մը, որ կասկած ունի այդ մասին, բանջարեղէն կ՚ուտէ միայն։ 3Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է։ 4Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես։ Տէրը ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած։ Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել։
5Նոյնպէս, ոմանք կը խորհին՝ թէ զԱստուած պաշտելու համար այսինչ օրը աւելի կարեւոր է քան միւս օրը, մինչ ուրիշներու համար բոլոր օրերը նոյնն են։ Իւրաքանչիւրը թող իր համոզումը պահէ։ 6Կը բաւէ որ թէ՛ յատուկ օր մը փնտռողը եւ թէ՛ օրերու միջեւ խտրութիւն չդնողը երկուքն ալ Տէրը պատուել կը խորհին։ Նոյնպէս ալ, թէ՛ ամէն ինչ ուտողը Տէրը կը պատուէ եւ թէ՛ չուտողը, երբ երկուքն ալ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեն։
7Մեզմէ ոեւէ մէկը ինքն իր անձին համար չ՚ապրիր, ո՛չ ալ ինքն իրեն համար կը մեռնի։ 8Եթէ կ՚ապրինք՝ Տիրոջ համար կ՚ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք։ 9Ատոր համար ալ Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս։ 10Ինչո՞ւ կը դատես ուրեմն եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ զայն կ՚արհամարհես։ Բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, 11որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.–
«Ես ինձմով կ՚երդնում,– կ՚ըսէ Տէրը,–
որ ամէն ծունկ պիտի խոնարհի առջեւս
եւ ամէն լեզու պիտի խոստովանի
թէ ես եմ Աստուածը»։
Եղբայրդ չգայթակղեցնես
12Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, 13այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջանանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ։
14Յիսուս Քրիստոսով հետեւեալը ապահովապէս գիտեմ, թէ ինքնին պիղծ բան չկայ։ Բան մը պիղծ կ՚ըլլայ ա՛յն մարդուն համար, որ զայն պիղծ կը համարէ։ 15Եթէ գիտես թէ քու ուտելովդ եղբօրդ խղճմտանքը կը վիրաւորես, սիրով շարժած չես ըլլար՝ երբ ուտես։ Քու կերակուրովդ պատճառ մի՛ դառնար որ կորսուի եղբայրդ, որուն համար Քրիստոս իր կեանքը տուաւ։ 16Առիթ մի՛ տար որ բարի եւ ուղիղ սեպած բանդ հայհոյութեան պատճառ դառնայ։ 17Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած։ 18Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ։
19Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել։ 20Չըլլա՛յ որ կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը քանդես։ Ամէն բան ինքնին մաքուր է. բայց սխալ է բան մը ուտել, երբ ատիկա ուրիշ մը կը գայթակղեցնէ։ 21Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթակղի կամ կը տկարանայ։ 22Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ։ Երանի՜ անոր որ ինքզինքը դատապարտութեան չ՚ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ՚ըլլայ։ 23Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ։ Եւ ինչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in