YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1

1
Ողջոյն
1Ես, Պօղոս, ծառան եմ Քրիստոս Յիսուսի, որ զիս կանչեց իր առաքեալը ըլլալու եւ պաշտօն տուաւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու։ 2Սուրբ գիրքերուն մէջ արձանագրուած կը գտնէք, թէ Աստուած կանուխէն իր մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ տալ այս աւետիսը, 3որ կը վերաբերի իր Որդիին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իբրեւ մարդ՝ Դաւիթի սերունդէն ծնաւ, 4բայց որ իբրեւ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ, երբ իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ։ 5Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը, 6որոնց կարգին դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի պատկանելու կանչուեցաք։
7Ողջո՜յն բոլորիդ որ Հռոմ կը բնակիք. ձեզի՝ որ Աստուած սիրեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կանչեց։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
Պօղոսի աղօթքն ու ցանկութիւնը
8Նախ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իմ Աստուծոյս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին համար, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մէջ կը խօսուի ձեր հաւատքին մասին։ 9Աստուած, որուն կը ծառայեմ հոգիովս՝ իր Որդիին Աւետարանը քարոզելով, վկայ է՝ թէ անդադար կը յիշեմ ձեզ, 10եւ միշտ աղօթքներուս մէջ կը խնդրեմ որ Աստուծոյ կամքով յաջողիմ ձեզի գալ։ 11Որովհետեւ շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. 12այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես։ 13Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ բազմիցս մտադրեցի գալ ձեզի, սակայն մինչեւ հիմա արգելքներ ունեցայ։ Որովհետեւ կ՚ուզեմ ձեր մէջ եւս վաստակ ունենալ, ինչպէս ունիմ ուրիշ ազգերու մէջ. 14որովհետեւ, ինչպէս ինքզինքս պարտական զգացի թէ՛ Յոյնին եւ թէ՛ ոչ– Յոյնին, թէ՛ իմաստունին եւ թէ՛ անմիտին հանդէպ, 15այնպէս ալ պարտական կը զգամ յօժարութեամբ աւետարանել ձեզի, որ Հռոմի մէջ էք։
Աւետարանինզօրութիւնը
16Ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ ամօթ չեմ համարեր Աւետարանը։ Ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող, նախ Հրեան, ապա նաեւ ոչ–Հրեան։ 17Որովհետեւ Աւետարանը կը յայտնէ թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդիկը արդար կը սեպէ իրենց հաւատքով՝ որպէսզի հաւատան. ինչպէս որ գրուած է, «Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի»։
Մարդոց յանցանքը
18Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ։ 19Որովհետեւ Աստուծոյ մասին ինչ որ կարելի է գիտնալ՝ գիտեն արդէն, քանի Աստուած ինք յայտնեց անոնց։
20Արդարեւ, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ՚իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ ոեւէ արդարացում չունենան։ 21Որովհետեւ զԱստուած ճանչնալով հանդերձ՝ իբրեւ Աստուած չփառաւորեցին եւ շնորհակալ չեղան, այլ՝ անհեթեթ խորհուրդներ ունեցան, որով իրենց միտքը անմտութեամբ խաւարեցաւ։ 22Իրենք զիրենք իմաստուն համարելով՝ յիմարացան, 23եւ անմահ Աստուծոյ փառքը յատկացուցին մահկանացու մարդոց, թռչուններու, չորքոտանիներու եւ սողուններու նմանութիւնը եղող պատկերներու։ 24Այդ պատճառով ալ Աստուած թոյլ տուաւ, որ իրենց սրտի ցանկութիւններով պղծութեան յանձնուին եւ իրենք իրենց մարմինը անպատուեն, 25քանի որ Աստուծոյ վերաբերմամբ ճշմարտութեան փոխարէն ստութիւնը նախընտրեցին. արարածներուն յարգանք ընծայեցին եւ զանոնք պաշտեցին, փոխանակ Արարիչը պաշտելու, որ օրհնեալ է յաւիտեան. ամէն։
26Ահա թէ ինչու՝ Աստուած թոյլ տուաւ որ անարգ կիրքերու անձնատուր ըլլան։ Որովհետեւ անոնց էգերը իրենց բնական կարիքները հակաբնական կարիքներու հետ փոխանակեցին։ 27Նոյնպէս ալ արուները, կիներու հետ բնական յարաբերութիւնը ձգած՝ հակաբնական ախորժակներով իրարու ցանկացին. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային Աստուծմէ։ 28Այսինքն, քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել. 29այսինքն՝ լեցուին ամէն տեսակ անիրաւութեամբ, պոռնկութեամբ, անզգամութեամբ, ագահութեամբ, չարութեամբ, եւ ըլլան նախանձոտ, սպանող, հակառակասէր, նենգ, չարաբարոյ, բամբասող, 30չարախօս, աստուածատեաց, անամօթ, ամբարտաւան, ինքնահաւան, չարիք հնարող, ծընողք անարգող, 31անմիտ, խոստմնադրուժ, անգութ, անհաշտ եւ անողորմ։ 32Եւ գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ այսպիսի բաներ ընողները մահուան արժանի են, ո՛չ միայն իրենք կ՚ընեն, այլ նաեւ հաւանութիւն կու տան ընողներուն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in