ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 2
2
Աստուծոյ արդար դատաստանը
1Ուստի արդարացում չունիս, ո՛վ մարդ, դուն՝ որ ուրիշները կը դատես, որովհետեւ ի՛նչ բանով որ ընկերդ կը դատես՝ ինքզինքդ կը դատապարտես, քանի որ նոյն բաները դուն ալ կը գործես, դուն՝ որ կը դատես։ 2Որովհետեւ գիտենք, թէ Աստուած ճշմարիտ դատաստանով պիտի դատէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ՚ընեն։ 3Արդ, ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես՝ բայց դուն ինքդ նոյն բաները կ՚ընես, կը խորհի՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն զերծ պիտի մնաս։ 4Կամ կ՚արհամարհե՞ս անոր անչափքաղցրութիւնը, ներողամտութիւնը եւ համբերատարութիւնը, երբ գիտես որ Աստուծոյ քաղցրութիւնն է որ քեզ ապաշխարութեան կը բերէ։ 5Քու կարծրութեամբդ եւ չզղջացող սրտովդ միայն բարկութիւն է որ կը դիզես քեզի համար, երբ բարկութեան օրը գայ եւ Աստուծոյ արդար դատաստանը յայտնուի։ 6Որովհետեւ Աստուած իւրաքանչիւրին պիտի հատուցանէ՝ անոր գործերուն համաձայն։ 7Յաւիտենական կեանք պիտի տայ անոնց՝ որոնք բարի գործերու մէջ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը փնտռեն. 8իսկ բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան։ 9Նեղութիւն ու տառապանք կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք չարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ–Հրեային։ 10Իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք բարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ–Հրեային։ 11Որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։
12Անոնք որոնք առանց Աստուծոյ Օրէնքը ճանչնալու մեղանչեցին՝ առանց այդ Օրէնքին պիտի պատժուին, իսկ անոնք որ Օրէնքը գիտնալով մեղանչեցին՝ Օրէնքին համաձայն պիտի դատապարտուին. 13որովհետեւ Օրէնքը գիտցողները չէ՛ որ կ՚արդարանան Աստուծոյ առջեւ, այլ՝ Օրէնքը գործադրողները պիտի արդարանան։ 14Օրինակ, հեթանոսները Աստուծոյ Օրէնքը չունին. բայց երբ բնականօրէն Օրէնքին պահանջները կը գործադրեն, Օրէնքը չունենալով՝ նոյնինքն իրենք են իրենց Օրէնքը։ 15Անոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ Օրէնքին պահանջները իրենց սիրտերուն մէջ գրուած ունին, որուն կը վկայէ նաեւ իրենց խիղճը, երբ իրենց դատողութիւնները զիրենք կը յանդիմանեն կամ կ՚արդարացնեն։ 16Այո՛, իւրաքանչիւրը իր ունեցած օրէնքով պիտի դատուի, այն օրը՝ երբ Աստուած մարդոց ծածուկ գործերը պիտի դատէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, ինչպէս որ աւետարանեցի ձեզի։
Հրեան եւ Օրէնքը
17Արդ, դուն որ ինքզինքդ Հրեայ կը կոչես եւ Օրէնքին ապաւինած՝ Աստուծմով կը պարծենաս, 18դուն որ գիտես անոր կամքը եւ Օրէնքէն սորված ըլլալով՝ կրնաս զանազանել լաւն ու վատը, 19դուն որ համոզուած ես թէ առաջնորդ ես կոյրերուն, լոյս՝ խաւարի մէջ եղողներուն, 20խրատիչ՝ անմիտներուն, ուսուցիչ՝ մանուկներուն, եւ համոզուած ես թէ Օրէնքը իր մէջ ունի իսկական գիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը, 21ի վերջոյ, դուն որ ուրիշին կ՚ուսուցանես՝ ինքզինքիդ չե՞ս ուսուցաներ։ Դուն որ կը քարոզես չգողնալ՝ կը գողնա՞ս։ 22Դուն որ կ՚ըսես՝ «Մի՛ շնար», կը շնա՞ս։ Դուն որ կուռքերէն կը գարշիս՝ անոնց տաճարներուն մէջ կողոպո՞ւտ կ՚ընես։ 23Դուն որ Օրէնքով կը պարծենաս՝ զԱստուած անապատուած չե՞ս ըլլար Օրէնքը խախտելով։ 24Արդարեւ, «Ձեր պատճառով հեթանոսներ Աստուծոյ անունը կ՚անարգեն», ինչպէս գրուած է։
25 Թլփատութիւնը օգուտ կ՚ունենայ միայն՝ եթէ Օրէնքը գործադրես. իսկ եթէ Օրէնքը խախտես՝ թլփատուած ըլլալովդ հանդերձ անթլփատ հեթանոսի պէս կ՚ըլլաս։ 26Իսկ եթէ անթլփատ հեթանոսը Օրէնքին պահանջած իրաւունքը գործադրէ՝ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն չի՞ համարուիր. 27եւ մարմինով անթլփատ եղողը Օրէնքին գործադրութեամբ դատապարտած չ՚ը՞լլար քեզ՝ որ աստուածային գիրքերով ու թլփատութեամբ քեզիտրուած Օրէնքին հանդէպյանցաւոր ես։ 28Որովհետեւ արտաքնապէս Հրեայ եղողը չէ՛ իսկական Հրեան, ո՛չ ալ մարմնական թլփատութիւնն է իսկական թլփատութիւնը. 29այլ՝ ներքնապէս Հրեայ եղողն է Հրեան, եւ իսկական թլփատութիւնը սրտի՛ թլփատութիւնն է, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին համաձայն ապրիլն է եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին համաձայն ապրիլը։ Այդպիսին մարդոցմէ չէ որ կը գովուի, այլ՝ Աստուծմէ։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 2: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019