ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 28
28
Մալթա կղզիին վրայ
1Ազատելէ ետք՝ իմացանք թէ կղզիին անունը Մալթա է։ Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ։ 2Քանի անձրեւ սկսած էր եւ ցուրտ կ՚ընէր, խարոյկ մը վառեցին եւ անոր շուրջ ընդունեցին մեզ բոլորս։ 3Պօղոս չոր ճիւղերու խուրձ մը ժողվեց եւ խարոյկին մէջ նետելու վրայ էր, երբ տաքութենէն իժ մը ելաւ խուրձին մէջէն եւ իր ձեռքին փաթթուեցաւ։ 4Տեղացիները երբ Պօղոսի ձեռքէն կախուած իժը տեսան, սկսան իրարու ըսել.
–Անպայմանմարդասպանմընէայսմարդը, որ թէպէտեւ ծովէն ազատեցաւ, բայց աստուածային արդարութիւնը թոյլ չի տար որ ողջ մնայ։
5Պօղոս ձեռքը թափ տալով իժը կրակը ձգեց, առանց վնասուելու, 6մինչ տեղացիները կը սպասէին որ ուռի կամ յանկարծ իյնայ մեռնի։ Բայց բաւական սպասելէ ետք, երբ տեսան թէ անսովոր բան մը չեղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխեցին եւ սկսան ըսել՝ թէ աստուած մըն է։ 7Այդ տեղին շրջակայքը կային ագարակներ, որոնք կը պատկանէին կղզիի գլխաւորին՝ Պոպլիոսի։ Այս մարդը երաշխիք տալով՝ մեզ իր տունը ընդունեց եւ երեք օր սիրով հիւրասիրեց։ 8Պոպլիոսի հայրը հիւանդ պառկած էր ջերմով եւ թանչքի ցաւերով։ Պօղոս անոր սենեակը մտաւ, ձեռքերը անոր գլխուն դնելով աղօթեց եւ բժշկեց զայն։ 9Ասոր վրայ՝ կղզիին միւս հիւանդները եւս սկսան գալ, եւ բժշկուեցան։ 10Այս պատճառով ալ ամէն տեսակի պատիւներ ընծայեցին մեզի, եւ երբ պիտի մեկնէինք՝ տուին մեզի ինչ որ պէտք էր։
Մալթայէն դէպի Հռոմ
11Երեք ամիս ետք բարձրացանք Աղեքսանդրիական նաւ մը, որ կղզիին մէջ ձմերած էր եւ Երկուորեակ չաստուածներու նշանը կը կրէր։ 12Իջանք Սիրակուսա եւ երեք օր հոն մնացինք։ 13Ապա հոնկէ ելանք եւ շրջան մը ընելով հասանք Ռեգիոն։ Օր մը ետք հարաւային հովը սկսաւ փչել, եւ երկու օրէն եկանք Պոտիոլի, 14ուր քրիստոնեայ եղբայրներ գտանք, եւ անոնց խնդրանքին վրայ շաբաթ մը հոն մնացինք։ Այսպէս, ի վերջոյ, ուղղուեցանք Հռոմ։ 15Հռոմի քրիստոնեաները մեր մասին լսելով՝ մեզ դիմաւորելու եկան մինչեւ Ապպիոսի Շուկան եւ Երեք Պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։
16Երբ Հռոմ մտանք, հարիւրապետը բանտարկեալները զօրապետին յանձնեց, իսկ Պօղոսին արտօնութիւն տրուեցաւ որ առանձին ապրի, իր պահապան զինուորին հսկողութեամբ։
Պօղոս Հռոմի մէջ կը քարոզէ
17Երեք օր ետք, Պօղոս Հրեաներու գլխաւորները կանչել տուաւ։ Եւ երբ եկան, ըսաւ անոնց.
–Եղբայրնե՛ր, ես առանց մեր ժողովուրդին դէմ կամ մեր հայրենի սովորութիւններուն դէմ բան մը գործած ըլլալու՝ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալուեցայ եւ յանձնուեցայ Հռոմայեցիներու ձեռքը, 18որոնք զիս հարցաքննելէ ետք՝ ուզեցին ազատ արձակել, քանի որ մահուան արժանի յանցանք մը չգտան վրաս։ 19Սակայն երբ Հրեաներ հակառակեցան ատոր, ստիպուեցայ կայսրին բողոքել, առանց մեր ազգին դէմ ամբաստանութիւն մը ունենալու։ 20Ճիշդ այդ պատճառով ալ խնդրեցի ձեզ տեսնել եւ խօսիլ, որովհետեւ այս շղթաները կը կրեմ ա՛յն անձին համար՝ որ Իսրայէլի յոյսն էր։
21Անոնք իրեն ըսին.
–Մենք քու մասիդ ո՛չ նամակ ստացած ենք Հրէաստանէն, ո՛չ ալ մեր եղբայրներէն մէկը եկած պատմած կամ չար բան մը ըսած է քու մասիդ։ 22Բայց կ՚ուզենք քու կարծիքդ իմանալ, որովհետեւ այս աղանդին մասին մեզի այսքանը ծանօթ է՝ որ անիկա ամէն տեղ հակառակութեան կը հանդիպի։ 23Յետոյ ժամադրուեցան անոր հետ, եւ որոշուած օրը աւելի մեծ թիւով եկան անոր բնակած տունը։ Եւ Պօղոս առտուընէ մինչեւ իրիկուն անոնց խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին, եւ Մովսէսի Օրէնքէն ու մարգարէներէն վկայութիւններ բերելով՝ կը փորձէր զանոնք համոզել որ հաւատան Յիսուսի։ 24Ոմանք համոզուեցան իր խօսքերէն, իսկ ուրիշներ չհաւատացին։ 25Եւ մինչ այդպէս ալ կը հեռանային, առանց իրարու հետ համաձայնելու, Պօղոս այս մէկ բանն ալ աւելցուց.
–Սուրբ Հոգին շատ շիտակ խօսեցաւմեր հայրերուն, 26երբ Եսայի մարգարէին բերնով՝ ըսաւ.–
«Գնա՛ եւ ըսէ այս ժողովուրդին.–
Անդադար պիտի լսէք բայց պիտի չհասկնաք,
շարունակ պիտի նայիք բայց պիտի չտեսնէք։
27 Որովհետեւ այս ժողովուրդին միտքը թանձրացած է.
իրենց ականջները խցած են
եւ իրենց աչքերը փակած,
որպէսզի չըլլայ որ իրենց աչքերը տեսնեն
կամ ականջները լսեն
եւ միտքերը հասկնան ու դարձի գան,
եւ ես զանոնք բժշկեմ»։
28Հետեւաբար,– եզրակացուց Պօղոս,– կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ Աստուած այժմ փրկութեան այս պատգամը հեթանոսներուն կը ղրկէ, եւ անոնք պիտի լսեն։
29Այս խօսքին վրայ Հրեաները հեռացան իրմէ, բուռն կերպով վիճաբանելով իրարու հետ։
30Լման երկու տարի Պօղոս մնաց իր վարձած տան մէջ, ուր կ՚ընդունէր բոլոր անոնք որոնք իր քով կու գային։ 31Առանց ոեւէ արգելքի, ամենայն համարձակութեամբ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր եւ կը սովեցնէր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 28: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019