ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 25
25
Պօղոս Ֆեստոսի առջեւ
1Կուսակալութեան իր շրջանը հասնելէն երեք օր ետք, Ֆեստոս Կեսարիայէն Երուսաղէմ գնաց։ 2Աւագ քահանաներն ու Հրեայ մեծամեծները Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնները ներկայացուցին անոր, 3եւ իբրեւ շնորհք՝ խնդրեցին իրմէ, որ Պօղոսը Երուսաղէմ ղրկէ, միւս կողմէ դարան լարելով՝ որ զայն ճամբու վրայ սպաննեն։ 4Բայց Ֆեստոս պատասխանեց՝ թէ Պօղոսը Կեսարիա պիտի պահուի, եւ թէ արդէն ինք ալ անմիջապէս հոն պիտի դառնայ։
– 5Ուստի,– ըսաւ,– ձեզմէ անոնք որ կրնան՝ թող ինծի հետ Կեսարիա գան, եւ եթէ այդ մարդը յանցանք մը ունի՝ հոն թող ամբաստանեն զայն։
6Եւ հազիւ ութը կամ տասը օր հոն կեցած՝ դարձեալ իջաւ Կեսարիա։
Յաջորդ օր, Ֆեստոս ատեան նստելով՝ հրամայեց որ Պօղոսը բերեն։ 7Երբ Պօղոս հասաւ, Երուսաղէմէն եկած Հրեաները անոր շուրջը կեցան եւ զայն կ՚ամբաստանէին բազմաթիւ ծանր յանցանքներով, որոնք սակայն չէին յաջողեր ապացուցանել։ 8Որովհետեւ Պօղոս կը պատասխանէր, ըսելով.
–Ես ո՛չ հրէական Օրէնքին, ո՛չ տաճարին եւ ո՛չ ալ կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ։
9Իսկ Ֆեստոս ուզելով Հրեաներուն շնորհք մը ընել՝ Պօղոսի առաջարկեց, ըսելով.
–Կ՚ուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ այդ հարցերուն համար իմ ներկայութեանս հոն դատուիլ։
10Պօղոս պատասխանեց.
–Կայսրին ատեանը կանգնած եմ եւ պէտք է այստեղ դատուիմ։ Հրեաներուն դէմ յանցանք մը չեմ գործած, ինչպէս դուն լաւ գիտես։ 11Հետեւաբար, եթէ յանցաւոր եմ եւ մահուան արժանի բան մը գործած եմ՝ մեռնելէ չեմ վախնար։ Բայց եթէ անհիմն են իմ մասիս իրենց կատարած ամբաստանութիւնները, ոեւէ մէկը չի կրնար զիս ասոնց յանձնել։ Կայսրին կը բողոքեմ։
12Այն ատեն Ֆեստոս իր խորհրդականին կարծիքը առնելէ ետք՝ ըսաւ.
–Կայսրին բողոքեցիր, ուրեմն կայսրին պէտք է երթաս։
Պօղոս Ագրիպպասի եւ Բերնիկէի առջեւ
13Ժամանակմըետք, Հրեաներու Ագրիպպաս թագաւորը եւ քոյրը՝ Բերնիկէ, Կեսարիա հասան՝ Ֆեստոսի բարի գալուստ մաղթելու։ 14Մինչ երկար ժամանակով հոն կը մնային, առիթով մը Ֆեստոս Պօղոսի մասին խօսեցաւ թագաւորին, ըսելով.
–Ֆելիքսի օրերէն մնացած բանտարկեալ մը կայ այստեղ։ 15Երբ Երուսաղէմ կը գտնուէի, Հրեաներու աւագ քահանաներն ու երէցները ամբաստանութիւն ըրին իրեն դէմ, խնդրելով որ մահուան դատապարտուի։ 16Իրենց պատասխանեցի, որ Հռոմայեցիներ սովորութիւն չունին մէկը մահուան դատապարտելու՝ մինչեւ ամբաստանեալը իր դիմացը չունենայ ամբաստանողները եւ իրեն պատեհութիւն չտրուի՝ ամբաստանութեան դէմ ինքզինք պաշտպանելու։ 17Ուստի երբ հետս հոս հասան՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու, յաջորդ օրն իսկ ատեան նստայ եւ հրամայեցի որ Պօղոսը բերեն։ 18Ամբաստանողները եկան, բայց իմ մտքէս անցած ծանր ամբաստանութիւններէն ոեւէ մէկը չըրին անոր մասին. 19այլ՝ անոր դէմ իրենց խնդիրները իրենց կրօնքին կը վերաբերէին, ինչպէս նաեւ Յիսուս անունով մեռած մարդու մը, որուն համար Պօղոս կ՚ըսէր՝ թէ ողջ է։ 20Երբ տեսայ որ այդ խնդիրներուն քննութիւնը իմ գործս չէ, հարցուցի՝ թէ կ՚ուզէ՞ Երուսաղէմ երթալ եւ հոն դատուիլ այդ բաներուն համար։ 21Բայց երբ Պօղոս բողոքելով՝ օգոստափառ կայսրին վճիռին դիմելու կոչ ուղղեց, հրամայեցի որ զայն պահեն՝ մինչեւ որ զինք կայսրին ղրկեմ։
22Ագրիպպաս ըսաւ Ֆեստոսի.
–Ես ալ պիտի ուզէի այդ մարդը լսել։
–Վաղն իսկ կը լսես զինք,– պատասխանեց Ֆեստոս։
23Յաջորդ օր, երբ Ագրիպպաս ու Բերնիկէ մեծ շուքով եկան եւ հազարապետներուն ու քաղաքին երեւելիներուն հետ մտան ունկնդրութեանց սրահը, Ֆեստոսի հրամանով Պօղոսը բերին։ 24Ֆեստոս ըսաւ.
–Ագրիպպաս արքայ եւ դուք՝ մեզի հետ ներկայ մարդիկ. կը տեսնէք այս մարդը, որուն համար Հրեաներ մեծ բազմութեամբ ինծի դիմեցին, թէ՛ Երուսաղէմի մէջ եւ թէ՛ այստեղ, աղաղակելով՝ թէ այս մարդը պէտք չէ այլեւս ողջ մնայ։ 25Ես հասկցայ, որ մահուան արժանի բան մը չէ ըրած։ Բայց երբ ինքը օգոստափառ կայսրին վճիռին դիմելու կոչ ուղղեց՝ որոշեցի ղրկել։ 26Միայն թէ տակաւին յստակ չեմ գիտեր այս մասին ի՛նչ գրեմ օգոստափառ տիրոջս։ Ահա թէ ինչու՝ զայն բերի ձեր առջեւ, եւ յատկապէս քու առջեւդ, Ագրիպպաս արքայ, որպէսզի վերստին հարցաքննելով՝ գրելիք մը ունենամ։ 27Որովհետեւ ինծի անպատեհ կը թուի բանտարկեալ մը ղրկել՝ առանց իր մասին յանցանք մը նշելու։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 25: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019