ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 26
26
Պօղոսի պաշտպանողականը Ագրիպպասի առջեւ
1Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի.
–Արտօնուած ես քու մասիդ խօսելու։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը պարզելով՝ սկսաւ իր պաշտպանողականը ընել։
– 2Ինքզինքս շատ բախտաւոր կը համարեմ, Ագրիպպա՛ս արքայ, որ քու առջեւդ է որ այսօր ինքզինքս կը պաշտպանեմ այն բոլորին համար՝ որոնցմով Հրեաներ զիս կ՚ամբաստանեն։ 3Մանաւանդ անոր համար՝ որ Հրեաներու բոլոր կրօնական սովորութիւններուն ու խնդիրներուն լաւ տեղեակ ես։ Հետեւաբար կ՚աղաչեմ որ համբերութեամբ լսես զիս։
4Բոլոր Հրեաները գիտեն կենսագրութիւնս, մանկութենէս ի վեր։ Գիտեն թէ սկիզբէնի վեր ի՛նչպէս ապրած եմ, թէ՛ ծննդավայրիս մէջ եւ թէ՛ Երուսաղէմի։ 5Դարձեալ հինէն ի վեր գիտեն, եթէ ուզեն այդ մասին վկայել, թէ շատ կանուխէն պատկանած եմ մեր կրօնքին խստագոյն գործադրութիւնը պահանջող խմբակցութեան, Փարիսեցի մը ըլլալով։ 6Եւ հիմա ատեան կանգնած կը դատուիմ այն յոյսին համար՝ որ Աստուած մեր հայրերուն տալ խոստացաւ, 7եւ որուն հասնելու համար մեր տասներկու ցեղերը գիշեր–ցերեկ անդադար յոյսով կ՚աղօթեն։ Այդ յոյսին համար է որ Հրեաներուն կողմէ կ՚ամբաստանուիմ, ո՛վ արքայ։ 8Ինչո՞ւ անհաւատալի կը թուի ձեզի, որ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։ 9Ես ինքս ալ, օրինակ, ես ինծի կը խորհէի՝ թէ ամէն ձեւով պէտք է Յիսուս Նազովրեցիի անունին դէմ պայքարիմ։ 10Եւ այդպէս ալ ըրի Երուսաղէմի մէջ։ Սուրբերէն շատերը բանտերու մէջ արգելափակել կու տայի, այն իշխանութեամբ՝ որ աւագ քահանաներէն առած էի, եւ անոնց սպանութեան իմ հաւանութիւնս ալ կու տայի։ 11Բոլոր ժողովարաններուն մէջ բազմաթիւ անգամներ զանոնք պատժել տալով՝ կը ստիպէի որ ուրանան Յիսուսը. եւ անոնց դէմ իմ անսահման մոլուցքիս մէջ՝ մինչեւ իսկ մեր երկրէն դուրս գտնուող քաղաքներուն մէջ ալ կը հալածէի զանոնք։
Պօղոս իր դարձը կը պատմէ
(Գրծ 9.1-19, 22.6-16)
– 12Ճիշդ այդ նպատակով, երբ աւագ քահանաներուն տուած իշխանութեամբ եւ յանձնարարութեամբ Դամասկոս կ՚երթայի, 13ճամբու ընթացքին, կէսօր ատեն տեսայ, ո՛վ արքայ, արեւէն աւելի զօրաւոր լոյս մը՝ որ երկինքէն փայլատակեց իմ եւ հետս գացողներուն շուրջը։ 14Երբ բոլորս ալ գետին ինկանք, լսեցի ձայն մը՝ որ Եբրայերէն լեզուով ինծի կ՚ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես։ Չես կրնար խթանի դէմ աքացել»։ 15Հարցուցի՝ «Ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Եւ Տէրը պատասխանեց. «Ես այն Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես։ 16Հիմա ե՛լ, ոտքի՛ կանգնէ, որովհետեւ քեզի երեւցայ՝ որպէսզի քեզ ինծի օգնական դարձնեմ եւ վկայ՝ տեսածներուդ եւ դեռ տեսնելիքներուդ, որոնցմով պիտի երեւիմ քեզի։ 17Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ՝ 18որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, զանոնք խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանայի իշխանութենէն դէպի Աստուած դարձնես, որպէսզի իրենց մեղքերուն թողութիւն գտնեն եւ ինծի հաւատալով՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ բաժին ունենան»։
Պօղոս իր ձերբակալութեան պատճառը կու տայ
– 19Ուստի, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, անհնազանդ չուզեցի ըլլալ երկնաւոր տեսիլքին, 20եւ նախ Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի մէջ բնակողներուն, ապա ամբողջ Հրէաստանի գաւառներուն մէջ գտնուողներուն եւ հեթանոսներուն քարոզեցի՝ որ ապաշխարեն եւ Աստուծոյ դառնան, եւ իրենց գործերով ցոյց տան թէ ապաշխարած են։ 21Այս պատճառով է որ Հրեաներ զիս ձերբակալեցին, երբ տաճարին մէջ կը գտնուէի, եւ փորձեցին զիս սպաննել։ 22Սակայն մինչեւ այսօր Աստուած օգնեց ինծի, եւ ահա այստեղ կանգնած եմ՝ մեծին ու փոքրին վկայելու համար։ Իմ ըսածներուս մէջ չկայ բան մը որ մարգարէները եւ Մովսէս ըսած չըլլան՝ իբրեւ ապագային կատարուելիք պատգամներ։ 23Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, թէ՝ ինք առաջինը պիտի ըլլար որ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր՝ փրկութեան լոյսը տալու համար այս ժողովուրդին եւ բոլոր ազգերուն։
Պօղոս Ագրիպպասին կոչ կ՚ուղղէ Քրիստոսի հաւատալու
24Պօղոսի պաշտպանողական վերջին խօսքերուն վրայ՝ Ֆեստոս պոռաց.
–Խելքդ թռցուցեր ես, Պօղո՛ս. շատ կարդալը խելքդ թռցուցեր տարեր է։
25Պօղոս պատասխանեց.
–Խելքս չեմ թռցուցած, ո՛վ գերազանցութիւնդ Ֆեստոս. ընդհակառակը, ճշմարտութեան եւ տրամաբանութեան լեզուով է որ կը խօսիմ։ 26Այս իրողութիւններուն տեղեակ է Ագրիպպաս արքան. ատոր համար ալ համարձակօրէն կը խօսիմ իրեն։ Չեմ կարծեր որ այս բաներէն ոեւէ մէկը իր ուշադրութենէն վրիպած ըլլայ, քանի որ այս բաները խուլ անկիւնի մը մէջ չէր որ պատահեցան։ 27Դուն մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպաս արքայ, գիտե՛մ որ կը հաւատաս։
28Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին.
–Քիչ կը մնայ որ զիս համոզես եւ քրիստոնեայ դարձնես։
29Եւ Պօղոս ըսաւ.
–Քի՞չ կը մնայ թէ շատ՝ չեմ գիտեր։ Բայց Աստուծմէ պիտի խնդրէի՝ որ ոչ միայն դուն, այլ բոլոր անոնք որոնք այսօր զիս կը լսեն՝ ճիշդ ինծի պէս ըլլային, սակայն առանց այս շղթաներուն։
30Թագաւորը ոտքի ելաւ։ Իրեն հետեւեցան կառավարիչը, Բերնիկէն եւ բոլոր անոնք որոնք միասին նստած էին։ 31Եւ մինչ սրահէն դուրս կ՚ելլէին, իրարու հետ խօսելով կ՚ըսէին.
–Այս մարդուն ըրածը մահուան կամ բանտարկութեան արժանի բան մը չէ։
32Իսկ Ագրիպպաս Ֆեստոսին ըսաւ.
–Կարելի էր զինք ազատ արձակել, եթէ կայսրին բողոքած չըլլար։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 26: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019