YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 24

24
Հրեաներ Պօղոսը կ՚ամբաստանեն
1Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետ քանի մը երէցներու եւ Տերտուղոս անունով փաստաբանի մը հետ միասին եկաւ Կեսարիա, եւ Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնը ներկայացուցին կառավարիչին։ 2Երբ Պօղոս կանչուեցաւ, Տերտուղոս սկսաւ իր ամբաստանութիւնը ընել, ըսելով.
–Ձերդ գերազանցութիւն Ֆելիքս։ Այս ազգը քու ձեռքովդ երկար խաղաղութիւն վայելած եւ քու խնամքներովդ բարեկարգ վիճակի հասած է։ 3Ասոր համար ամէն ձեւով եւ ամէն տեղ երախտապարտ եւ խորապէս շնորհակալ ենք քեզի։ 4Բայց որպէսզի շատ չձանձրացնեմ քեզ, կը խնդրեմ որ քու ազնուութեամբդ լսես ինչ որ համառօտ կերպով պիտի ըսենք։ 5Մեզի համար այս մարդը աղէտ մըն է։ Ապստամբութիւն կը հրահրէ ամբողջ աշխարհի Հրեաներուն մէջ եւ Նազովրեցիներու աղանդին պարագլուխն է։ 6Սա փորձեց նաեւ տաճարը պղծել։ Ուստի բռնեցինք զինք եւ մեր Օրէնքին համաձայն դատել ուզեցինք. 7բայց Լիսիաս հազարապետը վրայ հասնելով՝ մեծ բռնութեամբ զայն մեր ձեռքէն խլեց, 8հրամայելով՝ որ զայն ամբաստանողները քեզի գան։ Այս բոլորին մասին կրնաս զինք ալ հարցաքննել եւ վերահասու ըլլալ այն բոլորին՝ որոնց համար զինք կ՚ամբաստանենք։
9Հրեաները միաբերան հաստատեցին, ըսելով.
–Ըսածները բոլորը ճիշդ են։
Պօղոսի պաշտպանողականը Ֆելիքսի առջեւ
10Երբ կառավարիչը գլուխով նշան ըրաւ, Պօղոս հետեւեալ ձեւով պատասխանեց.
–Գիտեմ որ երկար տարիներէ ի վեր դատաւոր եղած ես այս ազգին, ատոր համար ալ յօժարութեամբ կը պատասխանեմ ինծի դէմ եղած ամբաստանութիւններուն։
11Կրնաս ստուգել, որ հազիւ տասներկու օր կ՚ընէ Երուսաղէմ գալս՝ Աստուծոյ երկրպագելու համար։ 12Եւ ոեւէ մէկը չէ տեսած մէկու մը հետ վիճիլս կամ ամբոխավարութիւն ընելս՝ ո՛չ տաճարին մէջ, ո՛չ ժողովարաններուն մէջ եւ ո՛չ ալ քաղաքին մէջ. 13ոչ ալ կրնան ոեւէ ապացոյց բերել այն ամբաստանութիւններուն համար՝ որ ինծի դէմ կ՚ընեն հիմա։ 14Կը վստահեցնեմ քեզ, որ ես ալ մեր հայրենի Աստուածը կը պաշտեմ, բայց նոր ուղղութեամբ մը՝ որ իրենք «աղանդ» կը կոչեն։ Կը հաւատամ այն բոլորին որ գրուած են Օրէնքին եւ մարգարէութեանց մէջ, 15եւ Աստուծմով այն յոյսը ունիմ՝ ինչպէս ասոնք իրենք ալ կ՚ընդունին՝ թէ բոլոր մեռելները, թէ՛ արդարներ եւ թէ՛ մեղաւորներ, յարութիւն պիտի առնեն։ 16Ատոր համար ալ կ՚աշխատիմ որ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդոց հանդէպ խիղճս միշտ մաքուր ըլլայ։ 17Երկար տարիներ Երուսաղէմէն հեռու մնալէ ետք, եկայ իմ ազգիս դրամական օգնութիւն բերելու եւ զոհեր մատուցանելու։ 18Եւ զիս տաճարին մէջ տեսան, երբ ծիսական արարողութեամբ սրբուելէ ետք զոհերս կը մատուցանէի։ Ո՛չ ամբոխ կար քովս, ո՛չ ալ իրարանցում, 19բացի Ասիա նահանգէն եկած քանի մը Հրեաներէ, որոնք պէտք էր իրենք գային ներկայանային քեզի եւ ամբաստանէին զիս, եթէ ինծի դէմ բան մը ունէին։ 20Կամ ասոնք իրենք թող ըսեն՝ ի՞նչ յանցանք գտան վրաս, երբ իրենց Ատեանին դիմաց կանգնած էի, 21բացի այն միակ յայտարարութենէն որ բարձրաղաղակ կատարեցի իրենց դիմաց, ըսելով՝ «Մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է որ այսօր ձեր կողմէ կը դատուիմ»։
22Ֆելիքս, որ քրիստոնէական վարդապետութեան մասին շատ ստոյգ տեղեկութիւններ ունէր, յետաձգեց ունկնդրութիւնը, ըսելով.
–Երբ Լիսիաս հազարապետը հասնի՝ կը վճռեմ ձեր հարցը։
23Իսկ հարիւրապետին հրամայեց, որ Պօղոսը հսկողութեան տակ պահէ՝ որոշ ազատութիւն տալով, եւ արգելք չըլլայ որ բարեկամներ ու ծանօթներ անոր պէտքերը հոգան։
Երկու տարի բանտին մէջ
24Կարճ ժամանակ մը ետք, Ֆելիքս եկաւ իր կնոջ՝ Դրուսիլլայի հետ, որ Հրեայ էր, եւ կանչել տալով Պօղոսը, ուզեց անկէ լսել Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին մասին։ 25Բայց երբ Պօղոս սկսաւ արդարութեան, ժուժկալութեան եւ գալիք դատաստանին մասին խօսիլ, Ֆելիքս վախով բռնուած՝ ըսաւ.
–Առայժմ գնա՛, ուրիշ առիթով դարձեալ կը կանչեմ քեզ։
26Նոյն ատեն յոյս ունէր, որ Պօղոս դրամ կու տայ իրեն։ Ատոր համար ալ շատ յաճախ կանչել կու տար զայն եւ կը խօսէր անոր հետ։
27Լման երկու տարի անցնելէն ետք, Ֆելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Ֆեստոս։ Ֆելիքս Հրեաներուն վերջին շնորհք մը ընելու համար՝ Պօղոսը բանտարկուած թողուց։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in