Եւ հազիւ ութը կամ տասը օր հոն կեցած՝ դարձեալ իջաւ Կեսարիա։
Յաջորդ օր, Ֆեստոս ատեան նստելով՝ հրամայեց որ Պօղոսը բերեն։ Երբ Պօղոս հասաւ, Երուսաղէմէն եկած Հրեաները անոր շուրջը կեցան եւ զայն կ՚ամբաստանէին բազմաթիւ ծանր յանցանքներով, որոնք սակայն չէին յաջողեր ապացուցանել։