YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 22

22
1Մարդի՛կ, եղբայրներ եւ հայրեր, լսեցէ՛քինչ որ ձեզի պիտի ըսեմ՝ իբրեւ պատասխան ձեր ամբաստանութեանց։
2Երբ լսեցին որ Եբրայերէն լեզուով կը խօսի իրենց, աւելի լուռ կեցան։ Եւ Պօղոս շարունակեց.
3Ես Հրեայ մարդ մըն եմ՝ Կիլիկիայի Տարսոն քաղաքը ծնած, բայց սնած այս քաղաքին մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ եւ մեր հայրենի ճշգրիտ Օրէնքով դաստիարակուած։ Ես նոյնքան նախանձախնդրութեամբ նուիրուած էի Աստուծոյ՝ որքան դուք բոլորդ այսօր։ 4Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ այս վարդապետութեան հետեւողները հալածեցի մինչեւ մահ, ձերբակալելով եւ բանտ նետել տալով այր թէ կին, 5ինչպէս քահանայապետը եւ ամբողջ ծերակոյտը կրնան վկայել, որովհետեւ իրենցմէ նամակներ առած էի՝ Դամասկոսի մեր եղբայրներուն ուղղուած, եւ հոն կ՚երթայի՝ Դամասկոս եղողներն ալ ձերբակալելու եւ Երուսաղէմ բերելու համար, որպէսզի պատժուին։ 6Բայց գացած ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենայի, կէսօրուան մօտ, յանկարծ երկինքէն սաստիկ լոյս մը փայլատակեց չորս դիս։ 7Գետին ինկայ, եւ լսեցի ձայն մը որ ինծի կ՚ըսէր. «Սաւու՛ղ, Սաւու՛ղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»։ 8Հարցուցի. «Ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Եւ ըսաւ. «Ես Նազովրեցի Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես»։ 9Հետս եղողները լոյսը կը տեսնէին, բայց ինծի հետ խօսող ձայնը չէին լսեր։ 10Ըսի իրեն. «Ի՞նչ ընեմ, Տէ՛ր»։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, Դամասկոս գնա, եւ հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ սահմանած եմ որ ընես»։ 11Լոյսին փայլատակումէն այլեւս չէի տեսներ. ուստի հետս եղողները ձեռքէս բռնելով տարին, եւ մտայ Դամասկոս։
12Այնտեղ Օրէնքը պահող բարեպաշտ մարդ մը կար, Անանիա անունով, որուն մասին հոն բնակող բոլոր Հրեաներն ալ լաւ կը վկայէին։ 13Այս մարդը ինծի եկաւ եւ քովս կանգնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ, տե՛ս»։ Նոյն վայրկեանին տեսողութիւնս վերագտայ եւ նայեցայ իրեն։ 14Այն ատեն ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը սկիզբէն քեզ ընտրեց՝ ուզելով որ իր կամքը ճանչնաս, Արդարը տեսնես եւ անոր ձայնը լսես՝ իր իսկ բերնէն, 15որպէսզի բոլոր մարդոց քով իր վկան դառնաս, պատմելով ինչ որ տեսար եւ լսեցիր։ 16Իսկ հիմա ինչո՞ւ կ՚ուշանաս. ե՛լ, մկրտուէ՛ եւ լուա՛ մեղքերդ՝ իրեն աղօթելով»։
17Երուսաղէմ վերադարձիս, երբ որ տաճարին մէջ կ՚աղօթէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ 18եւ տեսայ Տէրը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Աճապարէ՛, շուտով Երուսաղէմէն դուրս ել, որովհետեւ պիտի չընդունին այն վկայութիւնը որ ինծի համար կու տաս»։ 19Եւ ես ըսի. «Տէ՛ր, իրենք լաւ գիտեն՝ թէ ես էի որ բանտարկել եւ ժողովարաններուն մէջ գանահարել կու տայի քեզի հաւատացողները. 20եւ երբ քու վկայիդ՝ Ստեփանոսի արիւնը կը թափէին՝ ես ալ իրենց կողքին էի, անոր մահը պահանջողներէն մէկն էի եւ սպաննողներուն վերարկուները ե՛ս բռնած էի»։ 21Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Գնա՛, որովհետեւ ես քեզ հեռաւոր ազգերուն պիտի ղրկեմ»։
Պօղոս եւ Հռոմայեցի հազարապետը
22Մինչեւ ասիկա ըսելը՝ մտիկ կ՚ընէին զինք. բայց ասոր վրայ՝ իրենց ձայնը բարձրացուցին, պոռալով.
–Աշխարհէն վերցո՛ւր այս մարդը, որովհետեւ ասանկ մէկը պէտք չէ՛ ողջ մնայ։
23Երբ սկսան պոռչտալ, իրենց վերարկուները օդին մէջ շարժել եւ փոշի առնելով օդը նետել, 24հազարապետը հրամայեց որ զայն զօրանոց մտցնեն, պատուիրելով՝ որ ծեծով հարցաքննեն զայն, գիտնալու համար թէ ի՞նչ յանցանքի համար այդպէս կ՚աղաղակէին անոր դէմ։ 25Երբ կաշիէ կապերով զինք պրկեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ.
–Հռոմայեցի եւ անմեղ մարդ մը գանակոծելու իրաւունք ունի՞ք։
26Հարիւրապետը երբ ասիկա լսեց՝ եկաւ հազարապետին պատմեց, ըսելով.
–Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընենք. քանի այս մարդը Հռոմայեցի է։
27Հազարապետը Պօղոսի քով եկաւ եւ հարցուց.
–Ըսէ՛ ինծի, Հռոմայեցի՞ ես։
Եւ երբ Պօղոս «Այո» պատասխանեց, 28հազարապետը ըսաւ.
–Ես մեծ գումարով ձեռք բերած եմ այս քաղաքացիութիւնը։
Պօղոս պատասխանեց.
–Իսկ ես ծնունդով Հռոմայեցի եմ։
29Ասոր վրայ, անոնք որ զինք ծեծով պիտի հարցաքըննէին՝ անմիջապէս հեռացան. իսկ հազարապետը անոր Հռոմայեցի ըլլալը գիտնալով՝ վախցաւ, որովհետեւ զայն կապել տուած էր։
Պօղոս Հրեաներու Ատեանին առջեւ
30Յաջորդ օր, հազարապետը ուզելով ստոյգ կերպով գիտնալ թէ Հրեաներ ինչո՛վ կ՚ամբաստանեն Պօղոսը, արձակել տուաւ անոր կապերը եւ հրամայեց կանչել աւագ քահանաներն ու ամբողջ Ատեանը։ Ապա Պօղոսը զօրանոցէն վար իջեցնելով՝ անոնց դիմաց կանգնեցուց։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in