YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 23

23
1Պօղոս աչքերը Ատեանին յառելով՝ ըսաւ.
–Եղբայրնե՛ր, մինչեւ այսօր ես կատարելապէս հանդարտ խիղճով ապրած եմ Աստուծոյ առջեւ։
2Անանիա քահանայապետը սպասաւորներուն հրամայեց որ անոր բերանին զարնեն։ 3Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր.
–Թող Աստուած քեզի զարնէ, ճերմկցուա՛ծ պատ. նստեր ես՝ Օրէնքով զիս դատելու համար, եւ ապօրէն հրաման կու տաս որ զարնե՞ն ինծի։
4Սպասաւորները ըսին.
–Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը նախատես։
5Եւ Պօղոս ըսաւ.
–Եղբայրնե՛ր, չէի գիտեր որ քահանայապետ է. որովհետեւ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Քու ժողովուրդիդ առաջնորդին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ»։
6Երբ Պօղոս գիտցաւ, որ Ատեանին մէկ կողմը Սադուկեցիներն են, իսկ միւս կողմը՝ Փարիսեցիները, սկսաւ աղաղակել.
–Եղբայրնե՛ր, ես Փարիսեցի եմ եւ Փարիսեցիներու զաւակ. եւ եթէ կը դատուիմ ահա՝ մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է։
7Ասիկա ըսելուն պէս՝ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու միջեւ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ։ 8Որովհետեւ մինչ Սադուկեցիներ կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի կայ, Փարիսեցիները այս բոլորը կ՚ընդունին։ 9Մեծ աղմուկ բարձրացաւ։
Փարիսեցիներու կողմէն կարգ մը Օրէնքի ուսուցիչներ ոտքի ելան եւ ընդդիմախօսելով՝ կ՚ըսէին.
–Մենք այս մարդուն վրայ յանցանք մը չենք գտներ։ Հա՞պա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը իրեն խօսած ըլլայ…։
10Երբ իրարանցումը շատցաւ, հազարապետը վախնալով որ Պօղոսը կտոր–կտոր ընեն՝ հրամայեց իր զինուորներուն՝ որ իջնեն եւ Պօղոսը անոնց մէջէն խլեն ու զօրանոց տանին։
11Յաջորդ գիշեր Տէրը Պօղոսի քով եկաւ եւ ըսաւ.
–Պօղո՛ս, քա՛ջ եղիր, որովհետեւ ինչպէս որ այստեղ՝ Երուսաղէմի մէջ վկայեցիր ինծի համար, այնպէս ալ Հռոմի մէջ պիտի վկայես։
Դաւադրութիւն Պօղոսի կեանքին դէմ
12Յաջորդ առաւօտ, կարգ մը Հրեաներ իրարու քով եկան եւ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով՝ երդում ըրին չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն Պօղոսը։ 13Քառասուն հոգիէն աւելի էին այս երդումը ընողները։ 14Ասոնք մօտեցան աւագ քահանաներուն ու երէցներուն եւ ըսին.
–Մենք մեզ նզովքի տակ դնելով երդում ըրինք՝ բան չճաշակել, մինչեւ Պօղոսը չսպաննենք։ 15Դուք Ատեանին անունով հազարապետին լուր ղրկեցէք որ զայն ձեզի ղրկէ, պատճառաբանելով՝ թէ կ՚ուզէք իր մասին աւելի ստոյգ տեղեկութիւն ունենալ։ Իսկ մենք պատրաստ կ՚ըլլանք արդէն եւ տակաւին հոս չհասած՝ կը սպաննենք զինք։
16Պօղոսի քրոջ տղան այս դաւադրութիւնը իմանալով, եկաւ զօրանոց եւ Պօղոսին պատմեց։ 17Պօղոս հարիւրապետներէն մէկը կանչելով, ըսաւ.
–Այս պատանին հազարապետին տար, որովհետեւ իրեն ըսելիք մը ունի։
18Հարիւրապետը զայն հազարապետին տարաւ եւ ըսաւ.
–Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ խնդրեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, որովհետեւ քեզի ըսելիք մը ունի։
19Հազարապետը պատանիին ձեռքէն բռնելով մէկ կողմ տարաւ եւ հարցուց.
–Ի՞նչ ունիս ինծի ըսելիք։
20Պատանին ըսաւ.
–Հրեաները համաձայնեցան քեզմէ խնդրել, որ վաղը Պօղոսը Ատեան ղրկես, որպէս թէ աւելի մանրակրկիտ հարցուփորձելու համար զայն։ 21Բայց մտիկ մի՛ ըներ իրենց. որովհետեւ իրենց մէջէն քառասունէ աւելի մարդիկ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով երդում ըրած են չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն զայն. եւ հիմա դարան մտած ու պատրաստ՝ կը սպասեն քու հրամանիդ։
22Հազարապետը պատանին ճամբեց, պատուիրելով.
–Ոեւէ մէկուն մի՛ ըսեր ինչ որ ինծի յայտնեցիր։
Պօղոս Ֆելիքս կառավարիչին կը տարուի
23Ապա հազարապետը հարիւրապետներէն երկու հոգի կանչելով, ըսաւ.
–Երկու հարիւր հետեւակ, եօթանասուն հեծեալ եւ երկու հարիւր տիգաւոր զինուորներ թող պատրաստ ըլլան գիշերուան ժամը իննին դէպի Կեսարիա ճամբայ ելլելու։ 24Պօղոսին համար ալ գրաստ պատրաստեցէք եւ զայն ապահով կերպով Ֆելիքս կառավարիչին հասցուցէք։
25Նամակ մըն ալ գրեց, հետեւեալ բովանդակութեամբ.–
26«Կլաւդիոս Լիսիասի կողմէ՝ նորէն գերազանցութիւն Ֆելիքս կառավարիչին։ Ողջոյն»։
27«Հրեաներ բռներ էին այս մարդը եւ զինք սպաննելու վրայ էին։ Իմանալով որ Հռոմայեցի է, վրայ հասայ եւ զինք ազատեցի։ 28Ուզեցի գիտնալ թէ ի՛նչ յանցանքով կ՚ամբաստանեն զինք. ուստի իրենց Ատեանը տարի զինք. 29եւ հասկցայ թէ իրենց Օրէնքին վերաբերող խնդիրներու համար կ՚ամբաստանեն. այսինքն՝ մահուան կամ բանտարկութեան արժանի յանցանք մը չունի։ 30Բայց երբ ինծի իմացուցին՝ թէ Հրեաներ դաւ մը լարած են իր կեանքին դէմ, զայն իսկոյն քեզի՛ ղրկեցի, հրամայելով որ ամբաստանողները քեզի ներկայացնեն իրենց ըսելիքները։ Ողջ եղիր»։
31Հազարապետին հրամանին համաձայն, հետեւակ զինուորները առին Պօղոսը եւ գիշերով Անտիպատրիս փոխադրեցին, 32եւ յաջորդ օրը զայն իրենց ընկերացող հեծեալներուն յանձնելով՝ իրենք զօրանոց վերադարձան։ 33Հեծեալները Կեսարիա հասան եւ նամակը կառավարիչին տալով՝ Պօղոսն ալ անոր ներկայացուցին։ 34Կառավարիչը նամակը կարդաց եւ Պօղոսին հարցուց թէ կայսրութեան ո՛ր նահանգէն է. եւ հասկնալէ ետք թէ Կիլիկիայէն է, 35ըսաւ.
–Երբ որ քեզ ամբաստանողները գան՝ կը լսեմ քեզ։
Եւ հրամայեց որ զայն Հերովդէսի ապարանքին մէջ պահեն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in