YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 21

21
Պօղոսի ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ
1Երբանոնցմէ բաժնուեցանք, նաւ ելանքեւուղիղ գծով հասանք Կոս։ Յաջորդ օր եկանք Ռոդոս, իսկ անկէ՝ Պատարա։ 2Այստեղ գտնելով նաւ մը որ Փիւնիկէ կ՚երթար, նաւ բարձրացանք ու ճամբայ ելանք։ 3Երբ Կիպրոսը երեւցաւ, զայն մեր ձախին ձգելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ իջանք Տիւրոս, որովհետեւ այնտեղ նաւը իր բեռները պիտի պարպէր։ 4Հոն Քրիստոսի հետեւորդներ գտանք եւ եօթը օր մնացինք այնտեղ։ Անոնք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ Պօղոսին կ՚ըսէին որ Երուսաղէմ չերթայ։ 5Բայց երբ մեր օրերը լմնցան եւ ելանք երթալու համար, բոլորը մէկ՝ իրենց կիներով եւ զաւակներով մեզի ընկերացան մինչեւ քաղաքէն դուրս, եւ ծովեզերքը ծունկի գալով աղօթեցինք։ 6Ապա իրարմէ հրաժեշտ առինք եւ նաւ բարձրացանք, իսկ իրենք վերադարձան իրենց տուները։
7Տիւրոսէն ելլելով, մեր նաւային ճամբորդութիւնը վերջացուցինք՝ հասնելով Պտոլեմայիս, ուր հաւատացեալ եղբայրները ողջունելով՝ մէկ օր իրենց քով մնացինք։ 8Իսկ յաջորդ օր հոնկէ ելլելով եկանք Կեսարիա, մտանք Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը, որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր, եւ հոն մնացինք։ 9Փիլիպպոս չորս աղջիկ ունէր, որոնք ամուսնացած չէին եւ մարգարէութիւն կ՚ընէին։ 10Բաւական ատեն հոն մնացեր էինք, երբ Հրէաստանէն Ագաբոս անունով մարգարէ մը եկաւ։ 11Ասիկա մեզի գալով՝ Պօղոսի գօտին առաւ եւ անով ինքն իր ոտքերն ու ձեռքերը կապելով, ըսաւ.
–Սուրբ Հոգին այսպէս կ՚ըսէ. «Երուսաղէմի մէջ Հրեաներ այսպէս պիտի կապեն ու հեթանոսներու ձեռքը յանձնեն այն անձը՝ որուն կը պատկանի այս գօտին»։
12Երբ ասիկա լսեցինք, թէ՛ մենք եւ թէ՛ տեղացիները՝ կ՚աղաչէինք որ Պօղոս Երուսաղէմ չերթայ։
13Այն ատեն Պօղոս ըսաւ.
–Ինչո՞ւ այդպէս կու լաք եւ իմ սիրտս ալ կը ճմլէք. որովհետեւ Տէր Յիսուսի սիրոյն համար ոչ միայն կապուելու, այլ մեռնելու իսկ պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ։
14Երբ չուզեց համոզուիլ՝լռեցինք. ըսինք.
–Տիրոջ կամքը թող ըլլայ։
15Քանի մը օր ետք պատրաստուեցանք եւ ճամբայ ելանք դէպի Երուսաղէմ։ 16Կեսարիայէն քանի մը հաւատացեալներ մեզի հետ եկան, մեզ տանելով Մնասոն անունով Կիպրացիի մը քով, որ Քրիստոսի առաջին հետեւորդներէն էր, եւ որուն հիւրը պիտի ըլլայինք։
Այցելութիւն Երուսաղէմի եկեղեցիին
17Երբ Երուսաղէմ մտանք, հաւատացեալ եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։ 18Յաջորդ օր, Պօղոս մեզի հետ միասին Յակոբոսի քով գնաց։ Եկան նաեւ բոլոր երէցները: 19Պօղոս զանոնք ողջունելէ ետք սկսաւ մէկ առ մէկ պատմել այն՝ ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն մէջ իրականացուց իր գործակցութեամբ։ 20Իսկ անոնք լսելով՝ Աստուծոյ փառք կու տային։ Ապա ըսին իրեն.
–Կը տեսնե՞ս, եղբայր, տասնեակ հազարաւոր Հրեայ հաւատացեալներ կան, եւ բոլորն ալ Օրէնքը պահելու նախանձախնդիր են։ 21Բայց քու մասիդ իմացեր են, որ հեթանոսներուն մէջ ապրող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես՝ որ Մովսէսի Օրէնքը թողուն. այսինքն կ՚ըսես՝ որ իրենց տղաքը չթլփատեն եւ իրենց սովորութիւնները չպահեն։ 22Արդ, ի՞նչ կարելի է ընել։ Ամէն պարագայի պիտի լսեն որ եկած ես, եւ բոլորը գլխուդ պիտի հաւաքուին։ 23Հետեւաբար եկուր, ինչ որ կ՚ըսենք՝ ըրէ՛։ Մեր քով չորս հոգիներ կան, որոնք ուխտ ըրած են։ 24Զանոնք հետդ առ եւ անոնց հետ միասին ծիսական արարողութեամբ սրբուէ, իրենց գլուխները ածիլելու ծախսերն ալ դուն տուր, որպէսզի մարդիկ գիտնան՝ թէ ինչ որ քու մասիդ իմացեր են՝ սխալ է. այլ՝ թէ դուն ալ Օրէնքը պահելու համաձայն ես։ 25Իսկ ինչ կը վերաբերի հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն, մենք նամակով իրենց փոխանցեցինք մեր որոշումը՝ որ հեռու մնան կուռքերու զոհուած կերակուրներէ, արիւնէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ պոռնկութենէ։
26Այն ատեն Պօղոս ուխտադիր մարդիկը առնելով՝ յաջորդ օր անոնց հետ սրբուելէ ետք մտաւ տաճար, իմացնելու համար թէ ե՛րբ է որ իրենց մաքրութեան օրերը պիտի լմննան, որպէսզի իւրաքանչիւրին համար որոշուած զոհը մատուցուի։
Պօղոս տաճարին մէջ կը ձերբակալուի
27 Ուխտի եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիա նահանգէն եկած Հրեաներ զայն տաճարին մէջ տեսնելով՝ ամբողջ բազմութիւնը անոր գլխուն ժողվեցին, եւ զայն բռնելով՝ 28կը պոռային.
–Ո՜վ Իսրայէլացիներ, օգնեցէ՛ք. այս է այն մարդը՝ որ մեր ժողովուրդին, Օրէնքին եւ այս սրբավայրին դէմ կը խօսի ամէն տեղ եւ բոլորին։ Դեռ աւելին ըլլալով՝ հեթանոսներ մտցուց այս տաճարը եւ պղծեց այս սուրբ վայրը։
29Ասիկա կ՚ըսէին, որովհետեւ նախապէս քաղաքին մէջ Եփեսացի Տրոֆիմոսը տեսեր էին իրեն հետ միասին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զայն տաճար մտցուցած է։ 30Ամբողջ քաղաքը ոտքի ելաւ։ Ահագին ժողովուրդ խռնուեցաւ։ Պօղոսը բռնեցին տաճարէն դուրս քաշեցին, եւ անմիջապէս տաճարին դռները փակուեցան։ 31Երբ կ՚ուզէին զայն սպաննել, գունդի հազարապետին լուր հասաւ, թէ ամբողջ Երուսաղէմը իրար անցած է։ 32Անմիջապէս զինուորներ ու հարիւրապետներ առնելով խուժեց անոնց վրայ։ Անոնք հազարապետն ու զինուորները տեսնելով՝ դադրեցան Պօղոսը ծեծելէ։ 33Այն ատեն հազարապետը մօտեցաւ, բռնեց զայն եւ հրամայեց որ զոյգ շղթաներով կապեն։ Ապա սկսաւ հարցնել թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ ըրած է։ 34Բազմութեան մէջէն ամէն մէկը բան մը կը պոռար։ Աղմուկին պատճառով չկարենալով ստոյգ բան մը գիտնալ, հրամայեց որ զայն զօրանոց տանին։ 35Երբ Պօղոս զօրանոցին աստիճաններուն հասաւ, զինուորները զինք վեր բարձրացուցած տարին՝ ամբոխին վայրագութեան պատճառով, 36որովհետեւ ժողովուրդին բազմութիւնը իրեն կը հետեւէր, պոռալով.
–Մէջտեղէն վերցո՛ւր զայն։
Պօղոսի պաշտպանողականը
37Զօրանոց մտնելու վրայ էին, երբ Պօղոս հազարապետին ըսաւ.
–Կրնա՞մ քեզի բան մը ըսել։
Իսկ անիկա հարցուց.
–Ուրեմն Յունարէն գիտե՞ս։ 38Դուն այն Եգիպտացին չե՞ս, որ ասկէ կարճ ժամանակ մը առաջ ապստամբելով՝ չորս հազար զինուած մարդասպաններ ետեւէդ անապատ քաշեցիր։
39Պօղոս պատասխանեց.
–Ես Հրեայ մարդ մըն եմ, Տարսոնցի, Կիլիկիայէն. այսինքն՝ աննշան քաղաքի մը քաղաքացի չեմ։ Խնդրեմ, արտօնէ որ խօսիմ ժողովուրդին։
40Երբ հազարապետը արտօնեց, Պօղոս աստիճաններուն վրայ կանգնեցաւ, ձեռքով ժողովուրդին նշան ըրաւ որ լուռ կենան, եւ երբ մեծ լռութիւն տիրեց՝ սկսաւ Եբրայերէն լեզուով խօսիլ, ըսելով.

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in