YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 20

20
Պօղոս Մակեդոնիա եւ Յունաստան կ՚երթայ
1Խռովութիւնը հանդարտելէն ետք, Պօղոս Տիրոջաշակերտածները կանչեց, յորդորեց զիրենք եւ հրաժեշտ առնելէ ետք՝ ելաւ Մակեդոնիա գնաց։ 2Իսկ այդ կողմերը շրջելէ եւ բազմաթիւ հանդիպումներով զանոնք յորդորելէ ետք՝ եկաւ Յունաստան։
3Երեք ամիս հոն մնալէ ետք, երբ կ՚ուզէր նաւով Սուրիա երթալ՝ Հրեաները իրեն դէմ դաւ մը նիւթեցին։ Ուստի որոշեց Մակեդոնիայի վրայով վերադառնալ։ 4Իրեն կ՚ընկերանային՝ Բերիացի Պիռոսի որդի Սոպատրոսը, Թեսաղոնիկեցի Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը, Դերբեցի Գայիոսը, Տիմոթէոսը եւ Ասիացի Տիքիկոսն ու Տրոֆիմոսը։ 5Ասոնք մեզմէ առաջ գացին եւ Տրովադայի մէջ մեզի կը սպասէին։ 6Իսկ մենք Բաղարջակերաց տօնի օրերը Փիլիպպէի մէջ անցուցինք, եւ ապա հոնկէ նաւ առնելով՝ հինգ օրէն իրենց միացանք Տրովադայի մէջ, ուր մնացինք եօթը օր։
Հրաժեշտի երեկոյ Տրովադայի մէջ
7Շաբաթ իրիկուն, մինչ հաւաքուած էինք հացը բեկանելու համար, Պօղոս խօսեցաւ անոնց, որովհետեւ յաջորդօր պիտի մեկնէր, եւ քարոզութիւնը երկարեց մինչեւ կէս գիշեր։ 8Բազմաթիւ լապտերներ կը լուսաւորէին այն վերնատունը, ուր հաւաքուած էինք։ 9Եւտիքոս անունով երիտասարդ տղայ մը պատուհանին մէջ նստած էր. երբ Պօղոս խօսքը երկարեց, Եւտիքոս հետզհետէ խոր քունի անցաւ եւ քունով տարուած՝ երրորդ յարկէն վար ինկաւ, եւ մեռած վերցուցին։ 10Պօղոս վար իջնելով՝ հակեցաւ անոր վրայ, զայն գրկեց եւ ըսաւ.
–Ողբ ու կոծ մի՛ ընէք. հոգին վրան է։
11Յետոյ վեր ելաւ, եւ հացը կտրելէ ու ճաշակելէ ետք՝ դեռ երկար խօսեցաւ անոնց, մինչեւ լուսաբաց, եւ ապա ելաւ գնաց։ 12Իսկ պատանին ողջամբ տուն տարին, եւ անչափօրէն մխիթարուեցան։
Տրովադայէն դէպի Միլետոս
13Իսկ մենք նաւ մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասսոս, ուր դարձեալ մեզի հետ պիտի առնէինք Պօղոսը։ Որովհետեւ այնպէս կարգադրած էր՝ որ ինք քալելով երթայ։ 14Երբ Ասսոսի մէջ մեզ գտաւ, զինք նաւ առինք եւ եկանք Միտիլինէ, 15ուրկէ շարունակելով՝ յաջորդ օրը Քիոսի քովէն անցանք, իսկ միւս օրը Սամոսը անցնելով՝ գիշերը Տրոգիլիոն մնացինք, եւ յաջորդ օր եկանք Միլետոս։ 16Արդարեւ Պօղոս որոշած էր Եփեսոս չհանդիպիլ, որպէսզի Ասիա նահանգին մէջ ժամանակ չկորսնցնէ, որովհետեւ կ՚աճապարէր՝ Պենտէկոստէի օրը Երուսաղէմ ըլլալու համար, եթէ կարենար։
Հրաժեշտի խօսք Եփեսոսի երէցներուն
17Միլետոսէն Պօղոս լուր ղրկեց Եփեսոս եւ եկեղեցւոյ երէցները իր քով կանչեց։ 18Երբ անոնք եկան, ըսաւ անոնց.
–Դուք անձամբ գիտէք, թէ Ասիա գալուս առաջին օրէն ի վեր ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ, ամբողջ այս ժամանակամիջոցին։ 19Ամենայն խոնարհութեամբ եւ յաճախ արցունքով ծառայեցի Տիրոջ, Հրեաներուն նիւթած բոլոր փորձութիւնները կրելով։ 20Գիտէք, թէ բնաւ չքաշուեցայ ձեզմէ, օգտակար բաներու մասին խօսեցայ եւ սորվեցուցի ձեզի, հրապարակաւ ըլլայ թէ տուներու մէջ։ 21Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛՛ հեթանոսներուն տուի նոյն վկայութիւնը եւ պատգամը՝ ապաշխարութեամբ Աստուծոյ դառնալու եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու։
22Հիմա, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգիին մղումով Երուսաղէմ կ՚երթամ։ Չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի։ 23Միայն գիտեմ, թէ ամէն մէկ քաղաքի մէջ Սուրբ Հոգին կ՚ազդարարէ ինծի՝ ըսելով թէ բանտարկութիւն եւ նեղութիւն կը սպասեն ինծի։ 24Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ՚ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու։
25Հիմա գիտեմ, թէ այսուհետեւ պիտի չտեսնէք զիս։ Եկայ ձեզի բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի, 26եւ ահաւասիկ կը յայտարարեմ այսօր՝ թէ խիղճս հանդարտ է, 27որովհետեւ առանց քաշուելու յայտնեցի ձեզի Աստուծոյ կամքը։ 28Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց։ 29Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ 30Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար։ 31Հետեւաբար արթո՛ւն եղէք, յիշեցէք թէ ի՛նչպէս երեք տարի անդադար, գիշեր ու ցերեկ, արցունքով խրատեցի իւրաքանչիւրդ։ 32Եւ հիմա ձեզկը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի Աւետարանին, որ կրնայ ձեզ հոգեւորապէս աճեցնել եւ իր բոլոր սուրբերուն ժառանգակից դարձնել։ 33Ոեւէ մէկուն արծաթին, ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։ 34Դուք ինքնին գիտէք, թէ իմ այս ձեռքերովս շահեցայ եւ հոգացի թէ՛ իմ եւ թէ՛ ընկերակիցներուս պէտքերը։ 35Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը»։
36Իր խօսքը վերջացնելէ ետք, Պօղոս բոլորին հետ ծունկի եկաւ եւ աղօթեց։ 37Բոլորը սկսան լալ եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելով կը համբուրէին զինք։ 38Կը մորմոքէին մանաւանդ անոր համար, որ կ՚ըսէր՝ թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն։ Ապա անոր ընկերակցեցան մինչեւ նաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in