ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 19
19
Պօղոս Եփեսոսի մէջ
1Մինչ Ապողոս Կորնթոս կը գտնուէր, Պօղոս Գաղատիայի եւ Փռիւգիայի կողմերը պտըտելէ ետք Եփեսոս իջաւ։ Այստեղ Տիրոջ աշակերտած մարդիկ գտնելով՝ 2հարցուց անոնց.
–Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք։
Անոնք պատասխանեցին.
–Նոյնիսկ չենք լսած թէ Սուրբ Հոգի մը կայ։
3Պօղոս հարցուց.
–Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք։
Պատասխանեցին.
–Յովհաննէսի մկրտութեամբ։
4Եւ Պօղոս ըսաւ.
–Յովհաննէս ժողովուրդը մկրտեց մկրտութեամբ մը՝ որ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր, բայց կ՚ըսէր որ հաւատան անոր՝ որ իրմէ ետք պիտի գար, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսին։
5Եփեսացիները ասիկա լսելով, Տէր Յիսուսի անունով մկրտուեցան։ 6Իսկ երբ Պօղոս ձեռքը դրաւ անոնց գլխուն, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, անծանօթ լեզուներով կը խօսէին ու կը մարգարէանային: 7Անոնք ընդամէնը շուրջ տասներկու հոգի էին։
8Պօղոս ժողովարան մտնելով՝ երեք ամիս համարձակօրէն Աստուծոյ արքայութեան մասին կը խօսէր անոնց եւ կը փորձէր համոզել։ 9Սակայն երբ անոնցմէ ոմանք սկսան յամառօրէն հակաճառել եւ բազմութեան դիմաց վարկաբեկել Տիրոջ վարդապետութիւնը, Պօղոս ժողովարանէն քաշուեցաւ եւ Տիրոջ աշակերտածներն ալ միասին տարաւ, եւ ամէն օր կը խօսէր անոնց, Տիրան անունով մէկու մը դպրոցին մէջ։ 10Երկու տարի այսպէս շարունակուեցաւ. այնպէս որ Ասիա նահանգի բոլոր բնակիչները, Հրեայ թէ Յոյն, Տիրոջ խօսքը լսեցին։
Սկեւա քահանային զաւակները
11Աստուած Պօղոսի ձեռքով արտասովոր հրաշքներ կը գործէր։ 12Մարդիկ մինչեւ իսկ անոր քրտինքոտ թաշկինակն ու գործի հագուստը կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին իրենց ցաւերէն, կամ չար ոգիները կ՚ելլէին։
13Քանի մը Հրեաներ, որոնք շրջուն երդմնեցուցիչներ էին, մարդոցմէ չար ոգիները հանելու համար յանդգնեցան Տէր Յիսուսի անունը գործածել, ըսելով.
–Երդումով կը հրամայեմ ձեզի՝ այն Յիսուսին անունով որ Պօղոս կը քարոզէ։
14Այս բանը ընողները Սկեւա անունով Հրեայ աւագ երէցի մը եօթը որդիներն էին։
15Չար ոգին պատասխանեց, ըսելով.
–Յիսուսը գիտեմ, Պօղոսն ալ կը ճանչնամ. բայց դուք ո՞վ էք։
16Եւ մարդը, որուն մէջն էր չար ոգին, յարձակեցաւ անոնց վրայ եւ մէկ առ մէկ բռնելով խոշտանգեց զանոնք, այնպէս մը՝ որ կիսամերկ ու վիրաւոր՝ փախան այդ տունէն։ 17Եփեսոս բնակող բոլոր Հրեաներն ու Յոյները իմացան այս մասին, եւ բոլորին վրայ վախ մը ինկաւ։ Եւ Տէր Յիսուսի անունը երթալով կը փառաւորուէր։ 18Հաւատացողներէն շատեր կու գային եւ կը խոստովանէին՝ իրենց գործած մեղքերը պատմելով։ 19Իսկ կախարդութիւն ընողներէն շատեր իրենց գիրքերը բերին եւ բոլորին առջեւ այրեցին։ Անոնց գինը հաշուեցին եւ գտան որ յիսուն հազար արծաթ դրամ կ՚ընէր։
20Այսպիսով, մեծ զօրութեամբ Տիրոջ խօսքը կը տարածուէր, եւ եկեղեցին կը զօրանար։ 21Իր աշխատանքները աւարտելէ ետք, Պօղոս մտադրեց Մակեդոնիա եւ Աքայիա շրջիլ եւ ապա Երուսաղէմ երթալ։ Կ՚ըսէր.
–Հոն երթալէս ետք՝ պէտք է Հռոմ ալ երթամ։
22Իր օգնականներէն երկուքը՝ Տիմոթէոսն ու Երաստոսը Մակեդոնիա ղրկեց, իսկ ինքը ժամանակ մը եւս Ասիա մնաց։
Խռովութիւն Եփեսոսի մէջ
23Այդ օրերուն էր, որ Եփեսոսի մէջ մեծ խռովութիւն մը եղաւ Տիրոջ վարդապետութեան համար։ 24Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը կար, որ Արտեմիս դիցուհիի տաճարին արծաթէ մանրակերտները կը շինէր, ինչ որ ահագին շահ կը բերէր արհեստաւորներուն։ 25Այս մարդը հաւաքեց նոյն արհեստով զբաղող գործաւորները եւ ըսաւ անոնց.
–Մարդի՛կ, դուք շատ լաւ գիտէք՝ թէ այս գործէն է որ մենք մեր ապրուստը կը շահինք։ 26Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք, թէ այդ Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսոսի, այլ գրեթէ ամբողջ Ասիա նահանգին մէջ մեծ բազմութիւն մը համոզելով մոլորեցուց, ըսելով՝ թէ «Ձեռքով շինուած աստուածները աստուած չեն»։ 27Ասիկա ո՛չ միայն մեր գործի վարկին վնաս հասցնել կը սպառնայ, այլ նաեւ Արտեմիս մեծ աստուածուհիի մեհեանին, որ ոչինչի պիտի վերածուի եւ պիտի նսեմացնէ մեծափառութիւնը Արտեմիսի, որ թէ՛ Ասիան եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհը կը պաշտեն։
28Ասիկա լսելով՝ բարկութեամբ լեցուեցան եւ սկսան աղաղակել.
–Մե՜ծ է Եփեսացիներու Արտեմիսը։
29Ամբողջ քաղաքը իրար անցաւ։ Բոլորը միասին թատրոն խուժեցին, իրենց հետ քաշկռտելով Պօղոսի ուղեկիցները՝ Գայիոսն ու Մակեդոնացի Արիստարքոսը։ 30Երբ Պօղոս ուզեց հաւաքավայրը երթալ, Տիրոջ աշակերտածները չթողուցին։ 31Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկեցին իրեն՝ աղաչելով որ թատրոն չերթայ։ 32Իսկ թատրոնին մէջ ամէն մէկը բան մը կը պոռար, որովհետեւ հաւաքոյթը շփոթի մատնուած էր. շատեր նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ի՛նչ բանի համար հաւաքուած են։ 33Բազմութենէն ոմանք առաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաներ առաջ քշեցին։ Աղեքսանդրոս ձեռքի շարժումով լռեցուց ամբոխը եւ կ՚ուզէր բացատրութիւն տալ հաւաքուած ժողովուրդին։ 34Բայց երբ գիտցան որ Հրեայ է՝ բոլորը միաբերան շուրջ երկու ժամ անդադար կը պոռային.
–Մե՜ծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը։
35Քաղաքին քարտուղարը ամբոխը լռեցուց եւ ըսաւ.
–Ո՜վ Եփեսացիներ, կա՞յ մէկը որ չի գիտեր թէ Եփեսոսը պահապանն է մեծ Արտեմիսի մեհեանին եւ երկինքէն ինկած անոր պատկերին։ 36Ասիկա կարելի չէ ուրանալ։ Հետեւաբար լաւ կ՚ըլլայ որ հանդարտիք եւ անխորհուրդ բան մը չընէք։ 37Այդ մարդիկը հոս բերեր էք. բայց ո՛չ մեհեանը կողոպտեր են, ո՛չ ալ մեր աստուածուհիին հայհոյեր են։ 38Եթէ Դեմետրիոս եւ իր հետ եղող արհեստաւորները մէկու մը դէմ բողոք ունին՝ թող դատարան երթան. հոն դատաւորներ կան, թող անոնց առջեւ ամբաստանեն զիրար։ 39Իսկ եթէ ուրիշ բան է ձեր պահանջածը, օրինաւոր հաւաքոյթով պէտք է կարգադրուի։ 40Որովհետեւ իրօք կրնանք իբրեւ խռովարար ամբաստանուիլ այսօրուան այս պատահածին համար, քանի ոեւէարդարացում չունինք այս հաւաքոյթին համար։
Այս խօսքերով արձակեց բազմութիւնը։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 19: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019