ՍՈՓՈՆԵԱՅ 1
1
1Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին Ամարիայի որդիին Գոդողիայի որդիին Քուսիի որդիին Սոփոնիային եղաւ՝ Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային օրերը։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՕՐԸ
2«Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
3«Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ,
Երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը
Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ,
Երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ», կ’ըսէ Տէրը։
4«Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ,
Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ.
Այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը,
Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ,
5Տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները
Երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները,
Մեղքոմով երդում ընողները,
6Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները
Եւ զանիկա չխնդրողները»։
7Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր,
Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է,
Քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները #1:7 Եբր., սրբեցհրաւիրեց։
8Եւ Տէրոջը զոհին օրը
Իշխաններն ու թագաւորին տղաքները
Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։
9Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները,
Իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ»։
10«Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն
Եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն
Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։
11Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ,
Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ,
Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։
12Այն ժամանակ
Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ
Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ,
Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝
‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։
13Անոնց ստացուածքը՝ աւար,
Անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։
Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին,
Այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։
14Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։
Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։
Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ,
Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։
15Այն օրը բարկութեան օր է.
Նեղութեան ու տառապանքի օր,
Կործանումի ու աւերումի օր,
Խաւարի ու մէգի օր,
Ամպի ու մառախուղի օր է։
16Պարսպապատ քաղաքներու դէմ
Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։
17Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ
Կոյրերու պէս պիտի պտըտին,
Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։
Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս
Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։
18Տէրոջը բարկութեան օրը
Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ
Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։
Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի,
Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։
Currently Selected:
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.