YouVersion Logo
Search Icon

ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 3

3
ԱՄԲԱԿՈՒՄԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
1 # 3:1 Կամ, Մեղեդիներու Շիկիօնօթի վրայ, Ամբակում մարգարէին աղօթքը։
2Ո՛վ Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ։
Քու գործդ տարիներու մէջ նորոգէ՛, ո՛վ Տէր,
Տարիներու մէջ գիտցուր,
Բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ՛։
3Աստուած Թեմանէն եկաւ
Ու Սուրբը՝ Փառան լեռնէն (Սէլա)։
Անոր փառքը երկինքը ծածկեց,
Երկիր անոր գովութիւնովը լեցուեցաւ։
4Եւ անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր.
Անոր ձեռքէն ճառագայթներ կ’ելլէին,
Անոր զօրութեանը ծածկոյթը հոն էր։
5Անոր առջեւէն ժանտախտը կ’երթար
Եւ անոր ոտքերուն ետեւէն՝ #3:5 Կամ, կայծակհրատագնապ տենդը՝ ՝ կ’ելլէր։
6Անիկա կայնեցաւ ու երկիրը չափեց,
Նայեցաւ ու ազգերը դողացուց։
Յաւիտենական լեռները փշրուեցան
Եւ վաղեմի բլուրները խոնարհեցան։
Անիկա յաւիտենական ճամբաներ ունի։
7Քուշանին վրանները նեղութեան տակ տեսայ,
Մադիամի երկրին վրանները դողացին։
8Միթէ գետերուն բարկացա՞ւ Տէրը,
Քու սրտմտութիւնդ գետերուն վրա՞յ էր,
Բարկութիւնդ ծովուն վրա՞յ էր,
Որ քու ձիերդ ու փրկութեան կառքերդ հեծար։
9Քու աղեղդ բոլորովին մերկացաւ,
Իսրայէլի ցեղերուն ըրած երդումներուդ ու քու խօսքիդ պէս (Սէլա).
Երկիրը գետերով պատռեցիր։
10Լեռները քեզ տեսան ու դողացին,
Հեղեղը անցաւ,
Անդունդը իր ձայնը տուաւ
Ու ձեռքերը վեր վերցուց։
11Արեւն ու լուսինը իրենց կարգին մէջ կայնեցան,
Անոնք քու նետերուդ լոյսովը
Եւ քու շողշողուն նիզակիդ պայծառութիւնովը քալեցին։
12Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար
Ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր։
13Քու ժողովուրդիդ՝ փրկութեանը համար,
Քու օծեալիդ փրկութեանը համար ելար.
Անօրէնին տանը գլուխը ճզմեցիր՝
Հիմը մինչեւ պարանոցը բանալով (Սէլա)։
14Իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն գլուխը խորտակեցիր,
Զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան,
Անոնց ուրախութիւնը տնանկը գաղտուկ ուտելու պէս էր։
15Քու ձիերովդ՝ ծովուն վրայ,
Շատ ջուրերուն խռովութեանը վրայ քալեցիր։
16Լսեցի ու սիրտս սարսափեցաւ,
Ձայնէն շրթունքներս դողացին։
Ոսկորներուս մէջ փտտութիւն մտաւ
Ու եղած տեղս սարսափեցայ։
Հանգստութեամբ սպասեցի նեղութեան օրուան,
Երբ ան ելլէ իր գունդերովը յարձակի իմ ժողովուրդիս վրայ։
17Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ,
Որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ,
Ձիթենիին բերքը ստէ,
Արտերը կերակուր չտան,
Փարախէն ոչխարը պակսի,
Գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ,
18Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ,
Իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։
19Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է,
Որ իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ
Եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ։
Գլխաւոր երաժշտին՝ իմ նուագած նուագարաններուս վրայ։

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 3