ԶԱՔԱՐԵԱՅ 9
9
ԴՐԱՑԻ ԱԶԳԵՐՈՒ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը պատգամը.
Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի
(Քանզի Տէրոջը աչքը մարդու
Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի).
2Եմաթ ալ անոր սահմանակից է,
Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն՝ թէեւ շատ իմաստուն են։
3Տիւրոս իրեն ամրոց շինեց
Ու արծաթը՝ հողի պէս,
Զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց։
4Տէրը զանիկա պիտի քշէ
Եւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէ
Ու անիկա կրակով պիտի սպառի։
5Ասկաղոնը պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ,
Գազան ալ՝ մեծապէս պիտի տագնապի,
Ակկարոնն ալ՝ քանզի իր յոյսը #9:5 Եբր., պիտի ամչնայպարապ պիտի ելլէ՝ ՝
Եւ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի,
Ասկաղոնի մէջ բնակող պիտի չըլլայ,
6Իսկ Ազովտոսի մէջ #9:6 Եբր., անհարազատ, կամ պոռնկորդիօտարազգի պիտի բնակի։
Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ.
7Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէն
Եւ անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմ
Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։
Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս,
Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։
8Անցնող ու դարձող զօրքին պատճառով
Իմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ,
Ա՛լ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի,
Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ։
ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
9Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,
Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.
Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ.
Անիկա արդար ու փրկիչ է,
Հեզ է ու իշու վրայ հեծած
Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։
10Ու Եփրեմէն՝ կառքը
Եւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ։
Պատերազմին աղողը պիտի կոտրի։
Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ,
Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով,
Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
11Քեզի այս ըրի՝ քու ուխտիդ արիւնովը
Քու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի։
12Ամրոցը դարձէ՛ք, ո՛վ յուսոյ գերիներ,
Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ,
Թէ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ,
13Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ
Ու Եփրեմը #9:13 Եբր., պիտի լեցնեմնետի պէս պիտի դնեմ՝ ՝
Եւ քու որդիներդ, ո՛վ Սիօն,
Յոյներու որդիներուն վրայ պիտի բարձրացնեմ.
Քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։
14Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ,
Անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ։
Տէր Եհովան փող պիտի հնչեցնէ
Ու հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ։
15Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ
Եւ անոնք բնաջինջ պիտի ընեն
Ու #9:15 Կամ, պարսաքարերովպարսաքարերու վրայ՝ ՝ պիտի կոխեն
Եւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակեն
Ու անոնք տաշտի պէս,
Սեղանին անկիւններուն պէս պիտի լեցուին։
16Այն օրը անոնց Տէր Աստուածը
Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ,
Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի փայլին։
17Անոր բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը որքա՜ն մեծ է.
Ցորենը՝ երիտասարդները ու քաղցուն կոյսերը պիտի ծաղկեցնէ։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 9: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.