YouVersion Logo
Search Icon

ԶԱՔԱՐԵԱՅ 10

10
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
1Վերջին անձրեւին ժամանակը Տէրոջմէ անձրեւ խնդրեցէ՛ք։
Տէրը փայլակներ պիտի հանէ
Եւ առատ անձրեւ պիտի տայ
Ու ամէն մէկուն՝ ագարակին խոտ։
2Քանզի թերափիմները ունայնութիւն խօսեցան
Ու գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսան
Եւ սուտ երազներ պատմեցին,
Պարապ մխիթարութիւն տուին,
Անոր համար հօտերու պէս չուեցին,
Հովիւ չըլլալուն համար տագնապեցան։
3«Հովիւներուն վրայ իմ բարկուիթւնս բռնկեցաւ
Ու նոխազները պիտի պատժեմ,
Քանզի զօրքերու Տէրը իր հօտը,
Յուդայի տունը, պիտի հոգայ
Եւ զանոնք իր պատերազմի մէջ հեծած գեղեցիկ ձիուն պէս պիտի ընէ։
4 # 10:4 Կամ, Իշխանը անկէ, գլխաւորը անկէ Անկիւնը՝ անկէ, բեւեռը՝ անկէ՝ ՝,
Պատերազմի աղեղը՝ անկէ,
Ամէն զօրապետ մէկտեղ անկէ պիտի ելլէ.
5 Այնպիսի զօրաւոր մարդոց պէս պիտի ըլլան,
Որոնք պատերազմի մէջ թշնամին փողոցներուն ցեխին մէջ կը կոխկռտեն
Ու անոնք պատերազմ պիտի ընեն.
Քանզի Տէրը անոնց հետ է։
Ձիաւորները պիտի ամչնան։
6Յուդային տունը պիտի զօրացնեմ.
Յովսէփին տունը պիտի փրկեմ
Եւ զանոնք նորէն պիտի բնակեցնեմ,
Քանզի անոնց ողորմեցայ.
Անոնք այնպէս պիտի ըլլան,
Որպէս թէ զանոնք երեսէ ձգած չէի։
Քանզի անոնց Տէր Աստուածը՝ ե՛ս եմ,
Անոնց պիտի լսեմ։
7Եփրեմ զօրաւոր մարդու պէս պիտի ըլլայ։
Անոնց սիրտը ուրախ պիտի ըլլայ, գինովցածի պէս։
Անոնց տղաքներն ալ պիտի տեսնեն ու պիտի ուրախանան։
Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի ցնծայ։
8Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի հաւաքեմ,
Վասն զի զանոնք փրկեցի։
Անոնք պիտի շատնան՝ ինչպէս որ առաջ էին։
9Թէեւ զանոնք ժողովուրդներու մէջ ցրուեմ,
Սակայն հեռաւոր տեղեր զիս պիտի յիշեն,
Իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին ու ետ պիտի դառնան։
10Զանոնք Եգիպտոսէն պիտի դարձնեմ,
Ասորեստանէն պիտի հաւաքեմ,
Գաղաադի երկիրը
Ու Լիբանան պիտի բերեմ, այնպէս որ
Անոնց համար բաւական տեղ պիտի չգտնուի։
11Ծովէն նեղութեամբ պիտի անցնի,
Ծովուն ալիքները պիտի զարնէ։
Գետին բոլոր խորութիւնները պիտի ցամքին,
Ասորեստանի հպարտութիւնը պիտի իջնէ,
Եգիպտոսի գաւազանը պիտի վերցուի։
12Անոնք Տէրոջմով պիտի զօրանան
Ու անոր անունովը պիտի պտըտին», կ’ըսէ Տէրը։

Currently Selected:

ԶԱՔԱՐԵԱՅ 10: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in