ԶԱՔԱՐԵԱՅ 8
8
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
1Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնի համար խիստ նախանձախնդիր եղայ ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ’։ 3Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ Ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի’։
4Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։ 5Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան’։
6Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երեւնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երեւնայ’։
7Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ 8Եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ’։
9Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրքերու Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան։ 10Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար ու անասունի համար վարձք չկար եւ նեղութեան պատճառով՝ ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդ իր ընկերին դէմ ոտքի հաներ էի։ 11Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ 12Քանզի խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս մէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։ 13Ու ինչպէս դուք ազգերու մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տուն ու Իսրայէլի տուն, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան’։ 14Քանզի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին ու չզղջացի, 15Այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի՛ վախնաք։ 16Ձեր ընելիքները ասոնք են՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք 17Ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ եւ սուտ երդումը մի՛ սիրէք. վասն զի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ’», կ’ըսէ Տէրը։
18Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. 19«Չորրորդ ամսուան ծոմն ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»։
20Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։ 21Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու երթանք’։ Ես ալ պիտի երթամ։ 22Ու շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան’»։ 23Զօրքերու Տէրը ահսպէս կ’ըսէ. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 8: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.