ԶԱՔԱՐԵԱՅ 7
7
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԵՂԾ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ
1Դարեհ թագաւորին չորրորդ տարուան, իններորդ ամսուան, այսինքն Քասղեւին չորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ, 2Երբ Սարասար ու Ռեկէմմելէք եւ անոնց մարդիկը Աստուծոյ տունը ղրկուեցան, որպէս զի Տէրոջը առջեւ աղօթք ընեն 3Ու զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ եղող քահանաներուն ու մարգարէներուն խօսին ու ըսեն. «Արդեօք հինգերորդ ամսուն իմ անձս զատելով լա՞մ, ինչպէս այսչափ տարիներ ըրի»։ 4Այն ատեն զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 5«Այս երկրին բոլոր ժողովուրդին ու քահանաներուն ըսէ՛. ‘Այս եօթանասուն տարին, երբ հինգերորդ ու եօթներորդ ամիսներուն մէջ ծոմապահութիւն կ’ընէիք ու սուգ կը բռնէիք, միթէ ինծի՞ համար ծոմապահութիւն կ’ընէիք։ 6Ու երբ կ’ուտէիք ու կը խմէիք, ձեզի համար չէի՞ք ուտեր ու ձեզի համար չէի՞ք խմեր։ 7Ասոնք չե՞ն այն խօսքերը, որոնք Տէրը առաջուան մարգարէներուն միջոցով հրատարակեց, երբ Երուսաղէմ ու անոր շրջակայ քաղաքները բնակուած ու հանգիստ էին եւ հարաւային ու դաշտային կողմերը բնակուած էին’»։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՔՍՈՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌ
8Դարձեալ Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը այսպէս ըսաւ. 9‘Արդար դատաստան տեսէ՛ք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ։ 10Որբեւարին ու որբը, օտարականը եւ տնանկը մի՛ հարստահարէք։ Ոեւէ մէկը իր եղբօրը համար իր սրտին մէջ չարութիւն թող չմտածէ’»։ 11Բայց անոնք չուզեցին մտիկ ընել, հապա իրենց ուսը թօթուեցին եւ ականջնին ծանրացուցին, որպէս զի չլսեն 12Ու իրենց սիրտը ադամանդի պէս ըրին, որպէս զի չլսեն այն օրէնքն ու այն խօսքերը, որոնք զօրքերու Տէրը իր Հոգիովը առաջուան մարգարէներուն միջոցով անոնց ղրկեց։ Անոր համար զօրքերու Տէրը խիստ բարկացաւ։ 13«Ինչպէս անիկա կանչեց ու անոնք մտիկ չըրին, այնպէս ալ անոնք կանչեցին ու ես մտիկ չըրի», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. 14Հապա զանոնք իրենց անծանօթ բոլոր ազգերուն մէջ փոթորիկով ցրուեցի եւ անոնց երկրէն երթեւեկը դադրեցաւ եւ այդ ցանկալի երկիրը ամայացուցին»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 7: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.