ԶԱՔԱՐԵԱՅ 6
6
ՉՈՐՍ ԿԱՌՔԵՐՈՒՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Դարձայ ու աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու լեռներու մէջէն չորս կառք կ’ելլէին։ Լեռները պղնձէ էին։ 2Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր, 3Երրորդ կառքին՝ ճերմակ ձիեր եւ չորրորդ կառքին՝ պիսակ ու գորշագոյն ձիեր։ 4Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ 5Հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք երկնքի չորս հովերուն հոգիներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կայնելէն կու գան։ 6Սեւ ձիերը, որ այս կառքին լծուած են, հիւսիսի երկիրը կ’ելլեն։ Ճերմակները դէպի արեւմուտք կ’ելլեն ու պիսակները դէպի հարաւային երկիրը կ’ելլեն»։ 7Երբ երիվարները եկան, անհամբերութեամբ կ’ուզէին երթալ եւ երկրի վրայ պտըտիլ։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, երկրի վրայ պտըտեցէ՛ք»։ Անոնք երկրի վրայ պտըտեցան։ 8Անիկա ինծի աղաղակեց. «Նայէ՛, հիւսիսի երկիրը ելլողները իմ հոգիս հիւսիսային երկրին մէջ հանգչեցուցին»։
ՀՐԱՄԱՆ ՅՈՎՍԻԱՆ ՊՍԱԿԵԼՈՒ
9Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Գերութենէ դարձողներէն, 10Հեղդայէն, Տուբիայէն ու Յեդայիայէն ա՛ռ ու նոյն օրը գնա՛ Բաբելոնէն եկող Սոփոնիայի որդիին Յովսիային տունը մտիր։ 11Արծաթ ու ոսկի առ ու պսակներ շինէ ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին գլուխը դի՛ր 12Եւ անոր ըսէ՛.
Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա այն մարդը, որուն անունը Շառաւիղ է.
Անիկա իր տեղին մէջ պիտի բուսնի
Ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինէ։
13Անիկա պիտի շինէ Տէրոջը տաճարը
Ու պատիւ պիտի ունենայ
Եւ իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ
Ու քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ
Ու երկուքին մէջտեղ խաղաղութեան խորհուրդ պիտի ըլլայ’»։
14«Եւ պսակները Հելէմին, Տուբիային ու Յեդայիային եւ Սոփոնիայի որդիին Հենին պիտի ըլլան՝ Տէրոջը տաճարին մէջ յիշատակ ըլլալու համար։ 15Եւ հեռուն եղողները պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն եւ պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկեր է։ Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 6: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.