ԶԱՔԱՐԵԱՅ 5
5
ԹՌՉՈՂ ՏՈՄՍԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Դարձայ ու աչքերս վերցնելով տեսայ թռչող տոմս մը։ 2Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ըսի. «Թռչող տոմս մը կը տեսնեմ։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասը կանգուն»։ 3Ինծի ըսաւ. «Ասիկա բոլոր երկրի երեսին վրայ ելլող անէծքն է, քանզի ամէն գողութիւն ընող այս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի ու ամէն երդում ընող միւս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի»։ 4«Զանիկա ե՛ս կը հանեմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, որը գողին տունը եւ իմ անունովս սուտ երդում ընողին տունը պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա իր փայտերովը ու քարերովը պիտի սպառէ»։
ԿՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋԻ ԿՆՈՋ ՏԵՍԻԼՔԸ
5Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ ու ինծի ըսաւ. «Հիմա աչքերդ վերցո՛ւր ու տե՛ս թէ այս ելլողը ի՞նչ է»։ 6Ես ըսի. «Ի՞նչ է»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այս ելլողը արդու է ու բոլոր երկրի վրայ անոնց անիրաւութիւնը ասիկա է»։ 7Ահա կապարեայ ծածկոց մը վերցուեցաւ ու կին մը արդուին մէջ կը նստէր։ 8Եւ ան ըսաւ. «Այս է Չարութիւնը» ու զանիկա արդուին մէջ ձգեց եւ այն կապարեայ ծածկոցը այն արդուին բերանը ձգեց։ 9Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու կին ելան։ Հովը անոնց թեւերուն մէջ էր։ Անոնք արագիլի թեւերու նման թեւեր ունէին։ Անոնք արդուն երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուցին։ 10Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ո՞ւր կը տանին արդուն»։ 11Անիկա ինծի ըսաւ. «Կը տանին, որ անոր տուն շինեն Սենաար երկրին մէջ։ Հոն պիտի հաստատուի եւ հոն իր խարսխին վրայ պիտի դրուի»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 5: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.